Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱՀՄԸՄ-ական Միջվարչական Դիւաններու 8-րդ Խորհրդաժողովի Բացում

March 30, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 29 մարտ 2013-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, տեղի ունեցաւ ՀամաՀՄԸՄ-ական միջվարչական դիւաններու 8-րդ խորհրդաժողովի բացումը, Նիկոսիոյ «Սեմըլի» պանդոկին մէջ, Կիպրոս:

Խորհրդաժողովին կը մասնակցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողքին, ՀՄԸՄ-ի 7 շրջանային եւ 6 մեկուսի շրջաններէն 40 վարչական քոյրեր եւ եղբայրներ: Խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Կեդրոնական վարչութեան գործավարութիւնը:

Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն բարի գալուստ մաղթեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ապա, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ ներկաները յարգեցին յիշատակը վերջին շրջանին մահացած բոլոր ՀՄԸՄ-ական քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն «Յառաջ նահատակ» քայլերգով սկիզբ առաւ խորհրդաժողովը, որ շարունակուեցաւ շրջաններուն կողմէ տեղեկագիրներու ներկայացումով: Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Կարպիս Գապասագալեան ներկայացուց Կեդրոնական վարչութեան զեկուցագիրը:

Միջվարչական խորհրդաժողովի բոլոր մասնակիցները յուզումով ընկալեցին ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան փոխանցած սրտի խօսքը եւ իրենց եղբայրական զօրակցութիւնը յայտնեցին Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի շրջափակուած Հալէպի բոլոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Խորհրդաժողովը յառաջիկայ օրերուն պիտի անդրադառնայ շրջանները յուզող զանազան հարցերուն, յուլիս 2013-ին տեղի ունենալիք ՀամաՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն, ինչպէս նաեւ Ռազմավարական ծրագրաւորումի գործադրութեան հանգրուաններուն:

Երեկոյեան, խորհրդաժողովի բոլոր մասնակիցները ներկայ պիտի գտնուին Կիպրոսի մէջ հայ համայնքի երեսփոխան  Վարդգէս Մահտեսեանի կազմակերպած ընդունելութեան:

Խորհրդաժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ կիրակի, 31 մարտ 2013:

Նախորդը

Քրիստոսի Թաղման Կարգին Նախագահելով` «Քրիստոս Գերեզման Իջնելով Իրեն Հետ Նաեւ Գերեզմանեց Մարդուն Մեղքը» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին Պատգամը. Քրիստոսի Յարութիւնը Մեծ Յաղթանակ Արձանագրեց Մահուան Դէմ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.