Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Ռազմավարութեան Մշակման Համար Փորձագէտներու Հաւաք` Երեւանի Մէջ

March 30, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան աւելի քան քառասուն մասնագէտներ, աշխարհի ինը երկիրներ, մարտ 22-23 հաւաքուած էին Երեւանի մէջ, որպէսզի ռազմավարութիւն մշակէին գտնելու համար իրաւական հիմնաւորումներ ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացնելու, թրքական ժխտողականութեան  հակազդելու  եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու ծրագիրներ ու թանգարանային ցուցադրութիւններ կազմակերպելու նպատակով: Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին կողմէ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան գիտաժողովին յղած իր ուղերձին մէջ ափսոսանք յայտնած էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան անպատիժ մնալը ճանապարհ հարթած էր Հրէական ողջակիզման համար: Ան յոյս յայտնած էր, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը առիթ պիտի հանդիսանայ ի ցոյց դնելու հայերու միասնականութիւնն ու հաստատակամութիւնը` ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման հարցով, ապահովելու արդարութեան վերականգնում եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու պայքարի ու մաքառման նոր եղանակներ: Նախագահը ողջունած էր այն փաստը, որ թուրք հասարակութեան առաւել գիտակից տարրերը կը քանդեն լռութեան ու ժխտողականութեան պատը եւ քննադատաբար կը մօտենան իրենց երկրի մերժողական քաղաքականութեան: Նախագահը գիտաժողովին մասնակիցները յորդորած էր առաջարկներ ներկայացնելու Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին:

Ստորեւ ամփոփ կը ներկայացնենք վերոնշեալ գիտաժողովին մասնակցած փորձագէտներուն մեկնաբանութիւնները.

Իսրայէլացի գիտնական Եայիր Աուրոն քննադատեց Իսրայէլի պետութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանչնալուն համար, մատնանշելով, սակայն, որ Իսրայէլի հասարակութեան ստուար մէկ զանգուածը կ՛ընդունի զայն: Ողջակիզումի ընթացքին նոյն ողբերգական ճակատագիրին ենթարկուած ըլլալով` Իսրայէլը պէտք էր ըլլար Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութիւնը, ըսաւ փրոֆ. Աուրոն:

Լոս Անճելըսէն պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Պետական յանձնաժողովին կոչ ուղղեց ձեռնարկելու գեղարուեստական եւ մշակութային քայլերու` փոխան ակադեմական գիտաժողովներու, ամբողջ աշխարհէն աւելի մեծաթիւ մարդիկ ներգրաւելու համար: Ան առաջարկեց ստեղծել համահայկական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբ, որ պիտի շրջի աշխարհի մէջ, 2015 թուականի ապրիլ 24-էն առաջ: Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց այն մասին, որ թրքական կառավարութիւնը աւելի լաւ կը նախապատրաստուի հարիւրամեակի ձեռնարկներուն հակազդելու, քան հայերը` անոնց ձեռնարկման:

Պետական յանձնաժողովի քարտուղար եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան գիտաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուց թանգարանի ընդարձակման ծրագիրները` մինչեւ 2015 թուական:

Նիւ Եորքէն փրոֆ. Տատրեան վերլուծեց, որ երբ ուրացող պետութիւնը թոյլ է, անիկա աւելի դիւրութեամբ կ՛ընդունի իր ոճիրները: Քանի դեռ Թուրքիան կը շարունակէ մնալ ուժեղ երկիր, անիկա չ’ընդունիր Հայոց ցեղասպանութիւնը, նկատեց Տատրեան:

Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն գիտաշխատող Միհրան Մինասեան առաջարկեց, որ յիշատակման ձեռնարկները դիտարկուին յոյներու եւ ասորիներու հետ միասին: Ան նշեց, որ թուրք ուրացողները չեն մեղադրեր այս երկու ցեղական խումբերու անդամները ռուսական բանակին միանալու կամ զինուած խումբեր ձեւաւորելու համար, սակայն անոնք եւս զանգուածային բռնութեան եւ ցեղասպանութեան զոհ դարձան:

Երեւանէն փրոֆ. Նիկոլայ Յովհաննիսեան բացատրեց, որ հակառակ տարածուած կարծիքի, ոչ թէ Ուրուկուէյը, այլ Օսմանեան կայսրութիւնը եղած է առաջին պետութիւնը, որ դատավճիռներով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 1919-1926 թուականներուն: Ուրուկուէյի խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1965 թուականին:

Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի միջազգային պայմանագրերու բաժնի վարիչ Վլադիմիր Վարդանեան նշեց, որ Մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու հայեցակարգը առաջին անգամ օգտագործուած է 1915 մայիս 24-ին Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ կողմէ հրապարակուած միացեալ  հռչակագրին մէջ` թրքական իշխանութիւնները նախազգուշացնելով, որ անոնք պատասխանատուութիւն պիտի կրեն հայկական ջարդերուն համար: Նոյն ձեւով,  Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք նիւրենպերկեան դատարանը պատերազմի նացիական յանցագործները մեղադրեց մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու, եւ ոչ թէ ցեղասպանութեան իրագործման համար: Վարդանեան առաջարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ստեղծելու մնայուն կերպով գործող պետական մարմին` իրաւական հիմնաւորումներու հետազօտութեան եւ մշակման գծով` Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած պահանջները Թուրքիայէն միջազգային դատարաններուն մէջ հետապնդելու համար:

Պոլիսէն նշանաւոր թուրք իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքոլուն, որ յաճախ բանտարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրքեր հրատարակելուն համար, խօսեցաւ «Թուրքիոյ մէջ աճող ժխտողական արտադրութեան մասին»: Ան դիտել տուաւ, որ ժխտողականութիւնը կը խրախուսէ ահաբեկչութիւնը Թուրքիոյ մէջ:

Իբրեւ ցեղասպանութեան գիտաժողովի մասնակիցի` իմ ելոյթս  ծանրացաւ «Արդարութեան հետապնդման» վրայ, եւ ոչ թէ` «ցեղասպանութեան ճանաչման, որ արդէն յաջողութեամբ իրագործած ենք: Արդարութեան հայեցակարգը կ՛ընդգրկէ հայ ժողովուրդին բոլոր պահանջները Թուրքիայէն` բարոյական, նիւթական հատուցում եւ տարածքներու վերադարձ:

Ես նաեւ առաջարկեցի, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով որեւէ յատուկ քայլի ձեռնարկելէ առաջ, նախ պէտք է հանդէս գալ միասնական պատգամով եւ նպատակներով: Այլապէս մենք կրնանք խառն ուղերձներ յղել Թուրքիոյ եւ միջազգային հանրութեան` չյստակացնելով, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ կը փափաքինք եւ կը ձգտինք իրագործել 2015-ի ապրիլ 24-ին:

Ի վերջոյ, հայկական պահանջատիրութիւնը 2015-ին չ՛աւարտիր: Հայերը պէտք է յամառօրէն հետամուտ ըլլան Թուրքիայէն իրենց արդար պահանջներուն` մինչեւ Հայ դատի «արդարութեան» իրագործումը:

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

Նախորդը

Հարցականի Ենթարկել

Յաջորդը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.