Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Պարոն Էրտողան, Հապա Ի՞նչ Պիտի Ըսէիր, Եթէ Իննի Փոխարէն Մէկուկէս Միլիոն Զոհերու Հատուցում Պահանջելու Վիճակին Մէջ Գտնուէիր

March 29, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Մայիս 2010-ին ծագած «Մաւի Մարմարա»-ի արիւնալի դէպքը կը թուի, թէ լուծումի մը յանգած է` «հաշտութեան» հաղորդակցութեամբ մը Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ վարչապետներուն միջեւ: Ամերիկեան «կնքահայրութեամբ» իրականացած այս հաշտութիւնը կու գայ նոր էջ մը բանալու թուրքեւիսրայէլեան լարուած յարաբերութեանց մէջ: Ներողութեան եւ անոր հետեւող հաշտութեան այս քայլը անակնկալ մը չէր: Անակնկալը` անոր «թայմինկ»-ն էր: Արդարեւ, «Մեծ ազգ, մեծ տէրութիւն-2023» նշանախօսքը ընտրած Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահ, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, նախապէս մերժած էր Իսրայէլի կողմէ հաշտութեան նմանօրինակ նախաձեռնութեան առաջարկ: Այսօր ան ընդունեց որոշ վերապահութիւններով` պահանջելով Կազայի դէմ իսրայէլեան պաշարումի վերացումը: Էրտողան, Տաւութօղլու եւ անոնց համամիտ թուրք ղեկավարներ հաշտութեան այս քայլով կ՛ուզեն «քանի մը թռչուն միաժամանակ զարնել»: Կազայէն պաշարումի վերացման պահանջով փորձ կը կատարուի վերահաստատելու փրօ-թուրք վարկը` յաչս արաբական եւ ի մասնաւորի պաղեստինեան հանրային կարծիքին: Դէպքին թուրք զոհերուն հատուցում պահանջելով հանդարտեցումի փորձ մը` զոհերու ծնողներուն, ներքին ճակատի վրայ: Տակաւի՛ն, շրջանային իմաստով` Թուրքիա – Իրան մրցակցութեան մէջ թրքական գերակայութեան եւ ազդեցութեան գօտին զօրացնելու փորձ մը: Մինչեւ հոս, պարզ ու հասկնալի է, համաթրքութեան ախորժակներով հրապարակ իջած Թուրքիոյ համար: Ուշագրաւ է սակայն արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի յոխորտանքը, թէ` «ամէն ինչ մեր ուզած ձեւով եղաւ, եւ հաշտութեան ամէն բառ սերտուած էր նախապէս»:

Հաւանաբար բաղդատականը կրնայ ճշգրիտ չըլլալ: Սակայն կայ թուրք զոհերու իրականութիւնը, յանցագործ Իսրայէլը եւ հատուցում պահանջող Թուրքիան: Բաղդատական` հայ զոհերու, յանցագործ թուրքին եւ հատուցում պահանջող Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սփիւռքահայերու միջեւ: Տարբերութիւնը` մօտեցումն է, ուր Թուրքիա կը ներկայանայ հատուցում պահանջող իրաւատէրի դերով` միաժամանակ մերժելով հայոց հատուցման պահանջատիրութիւնը:

Թրքական կայսրութեան վերահաստատումը երազող «սուլթան» Էրտողան ի՞նչ պիտի ըսէր արդեօք, եթէ ինը թուրք զոհերու փոխարէն մէկուկէս միլիոն նահատակ ունենար. թրքական երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւնը կարելի չէ կիրարկել, այնքան ատեն որ Թուրքիա կ՛անտեսէ մէկուկէս միլիոն հայերու Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ կը մերժէ ներում հայցել հայերէն` վերադարձնելով անոնց պապենական հողերն ու պատշաճ հատուցում կատարելով:

Զոհ, յանցագործ ու պահանջատիրութիւն: Հասարակաց եզրեր` թուրք եւ հայ զոհերուն միջեւ: Տարբերութիւնը սակայն այն է, որ հայեր երբեք չսակարկեցին ու պիտի չսակարկեն իրենց մէկուկէս միլիոն նահատակներու արիւնին վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Աւագ Հինգշաբթի. «Լսենք Քրիստոսի Սիրոյ Պատգամը Եւ Սիրենք Զիրար` Սէրը Դարձնելով Մեր Կեանքին Առանցքը» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ` «Ազդակ»-ի Թղթակիցին Վկայութեամբ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.