Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարութեան Նախաձեռնութեամբ. Պարգեւատրում Համահայկական Մանկապատանեկան Գեղագիտական Մրցումի Մրցանակակիր Աշակերտներուն

March 22, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` PHOTO LUNA-ի

Նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ու կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան, երէկ` հինգշաբթի, 21 մարտ 2013-ի կէսօրին, պարգեւատրումը կատարուեցաւ նախարարութեան Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի նախաձեռնած մանկապատանեկան մրցումի մրցանակակիր աշակերտներուն:

Լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ, ծնողներ, տնօրէններ եւ ուսուցիչներ համախմբուած էին դեսպանատան մէջ, ուր Հայաստանի մասին յատուկ տեսերիզ մը դիտելէ ետք, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ ու լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` այս հանդիպումը «շատ լաւ առիթ» նկատելով` շնորհաւորելու լիբանանահայ մրցանակակիր աշակերտները, տնօրէնները, ուսուցիչներն ու ծնողները: «Ամէն օր կ՛աւելնան Հայաստանի հետ գործակցութեան առիթները, եւ յուսամ կը շարունակուի», յայտնեց դեսպան Քոչարեան` շեշտելով. «Ձեր լեզուն չմոռնաք երբեք, միշտ հայերէն խօսեցէք, հայրենիքը բարձր կը գնահատէ ձեր արժանիքները եւ միշտ ձեր կողքին է` նպաստելու ձեր յաջողութեան»:

Ապա դեսպան Քոչարեան Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի անունով յուշանուէրներ յանձնեց մրցանակակիր հետեւեալ աշակերտներուն.

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն Մէյրի Գրիգորեան, Միրէյ Սալորեան, Մարգարիտա Միքայէլեան եւ Լիլա Մաքտեսեան:
ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան միջնակարգ վարժարանէն Ալին Պետոյեան եւ Տիգրանուհի Կարապետեան:
Սահակեան – Լ. Մկրտիչեան քոլեճէն Քրիսթել Սանոսեան:
Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանէն Մարիօ Սապունճեան:

Այս առիթով շնորհակալական խօսքեր արտասանեցին մրցանակակիր վարժարաններու տնօրէնները:

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան ողջունեց այս ձեռնարկը` նշելով, որ վերջին տարիներուն մնայուն կապեր հաստատուած են Հայաստանի կրթութեան թէ սփիւռքի նախարարութեանց եւ արտասահմանեան կրթական խորհուրդներու միջեւ, «իսկ այս մրցումը վերջին 2-3 տարիներուն սկսաւ»: «Ասոնք կը նպաստեն, որ մեր դպրոցներուն մէջ ստեղծենք փոքր հայաստաններ: Առանց Հայաստանի գիտութեան, ուսման կեդրոններուն, կարելիութիւն չկայ մեր աշակերտներուն մօտ հայրենիքի մտապատկերը դրոշմելու», ընդգծեց Տիգրան Ճինպաշեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի դեսպանատան եւ կրթութեան նախարարութեան Արուեստի կեդրոնին:

ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան միջնակարգ վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալէոզեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց` ողջունելով Հայաստանի դեսպանատան ընձեռած այս առիթը: Պալէոզեան բարձր գնահատեց ու շնորհաւորեց մրցանակակիր աշակերտները, տնօրէններն ու գծագրութեան ուսուցիչները: Ան այս առիթով շնորհաւորեց նաեւ ծնողները, որոնք «նման շնորհալի երեխաներ ունին»:

Ազգային Սահակեան Լ. Մկրտիչեան քոլեճի տնօրէն Նազօ Ճերեճեան շնորհաւորեց մրցանակակիրները` շնորհակալութիւն յայտնելով այս առիթին համար ու մաղթելով, որ նման ձեռնարկներ կրկնուին:

Խօսք առին նաեւ կարգ մը վարժարաններու տնօրէններ եւ գծագրութեան ուսուցիչներ` իրենց կարգին յաջողութիւն մաղթելով բոլորին:

Իր փակման խօսքով Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան շնորհաւորեց մրցանակակիր աշակերտները` վերահաստատելով. «Հայաստան միշտ ձեր կողքին է, շարունակեցէ՛ք ձեր ստեղծագործ աշխատանքը»:

Նախորդը

Գարնան Եւ Մանուկներու Տօնը` Պուրճ Համուտի Հրապարակին Վրայ

Յաջորդը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետ Արա Յարութիւնեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Լիբանանահայ Գործարարներու Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.