Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Հրատարակութիւններ` «Հայաստանի Դրամատնային Համակարգը» – 2012

March 19, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ  ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ

Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ (1985-1990), լիբանանեան եւ միջազգային դրամատնային, տնտեսագիտական ու ելեւմտական հարցերու խորհրդատու, տնտեսագիտական գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան ընթերցասէր հասարակութեան  սեղանին վրայ կը դնէ «Հայաստանի  դրամատնային համակարգը» գիրքը:

Մկրտիչ Պուլտուքեան մանրակրկիտ ու յամառ  պրպտումներու, փաստագրական աղբիւրներու լոյսին տակ հայ ընթերցողին կը ներկայացնէ   Հայաստանի դրամատնային համակարգը` սկսելով առաջին հանրապետութեան ժամանակաշրջանէն,  անցնելով Խորհրդային Հայաստանի դրամատնային համակարգ եւ, վերջապէս, հասնելով երկրորդ հանրապետութեան ժամանակաշրջանի  դրամատնային համակարգի կազմաւորումը, իրագործած նուաճումները եւ հեռանկարները:

Հեղինակը միաժամանակ կ՛անդրադառնայ  վերջին երկու հարիւր տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի դրամագլուխին բոլորած հանգրուանները եւ յատուկ կերպով կ՛ընդգծէ  օսմանեան ժամանակաշրջանի հայ դրամագլուխի տխուր ճակատագիրը` կորուստները եւ յափշտակութիւնները: Մեկնելով իր հարուստ փորձառութենէն, ան կ՛առաջարկէ Հայաստանի դրամատնային համակարգը աւելի ճկուն եւ նախանձելի դարձնելու միջոցներ: Հեղինակը յատուկ կերպով կը շեշտէ դրամատնային մշակոյթին կարեւորութինը հայ իրականութեան` սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ:

Գիրքին յառաջաբանին մէջ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան կը նկարագրէ 19-րդ դարէն եւ

20-րդ դարու սկիզբը Հայաստանի  քաղաքատնտեսական համայնապատկերը:   Հեղինակը կ՛ապացուցէ, թէ Կովկասի մէջ   հայկական դրամատուն ստեղծելու ծրագիր գոյութիւն ունեցած է մինչեւ Հոկետմբերեան յեղափոխութիւնը` 1917:

Գիրքին երկրորդ մասին մէջ հեղինակը առաջարկներ կը ներկայացնէ դրամատնային  համակարգ կազմաւորելու միջոցներուն, անոր զարգացման հանգրուաններուն վերաբերեալ:

Հետաքրքրական եւ խիստ ուսանելի են  Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան շրջանին Հայաստանի դրամատնային  համակարգին մասին փոխանցուած տեղեկութիւնները: Հեղինակը կ՛անդրադառնայ  առաջին հանրապետութեան  ժամանակաշրջանի դրամանիշներուն: Ապա կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի կեդրոնական դրամատուներուն շրջաբերութեան դրած   դրամանիշները երախշաւորող ինչքերը` բաղդատելով առաջին հանրապետութեան շրջաբերութեան դրած դրամանիշներու երաշխաւորութեան գործընթացին հետ :

Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան պրպտող տնտեսագէտը կ՛անդրադառնայ խորհրդային  ժամանակաշրջանին գործող դրամատնային օրէնքներուն եւ ընդհանուր համակարգին, ապա  Երկրորդ հանրապետութեան` 1992-էն մինչեւ մեր օրերը` ստեղծուած դրամատնային նոր համակարգին հեռանկարներուն:

Գիրքի յաւելուածին մէջ  Մկրտիչ Յ.  Պուլտուքեան  1992-էն ի վեր  կատարած  իր դասախօսութիւններուն, հարցազրոյցներուն եւ  յօդուածներուն  ընդմէջէն կը փոխանցէ ներկայ շուկայական տնտեսութեան մէջ գործող Հայաստանի մէջ մնայուն դրամատնային  համակարգ ստեղծելու կարելիութիւններուն մասին իր  թելադրութիւնները: Յատուկ բաժինով մը հեղինակը կ՛արժեւորէ Պէյրութի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ 30 մարտ 2012-ին  Հայաստանի Դրամատուներու միութեան  նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած  Հայաստանի դրամատնային ներկայի իրավիճակը արտացոլացնող խորհրդաժողովը` բարձր գնահատանք մը փոխանցելով հանրութեան:

Իբրեւ լիբանանեան տնտեսական եւ  ելեւմտական համակարգին ծանօթ անձնաւորութիւն` գիրքին վերջաբանին մէջ   հեղինակը իբրեւ օրինակ կը ներկայացնէ  Լիբանանի դրամատնային համակարգը (ֆրանսերէնով):

Մատչելի եւ դիւրըմբռնելի ոճով, 152  էջերու մէջ   խմբագրուած, որակաւոր տպագրութեամբ այս գիրքը յանձնարարելի է ոչ միայն  դրամատնային ու ելեւմտական  համակարգերու հետ շփուող,  տնտեսագէտներու, գործարարներու,  համալսարանականներու, այլեւ` իւրաքանչիւր  հայու, ծանօթանալու` ներկայ Հայաստանի դրամատնային համակարգին եւ անոր արձանագրած իրագործումներուն:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Հրատարակչատան Գրատարածի.Մանկապատանեկան Գիրքերու Եւ Դաստիարակչական Խաղերու Շրջուն Ցուցահանդէս

Յաջորդը

«Նժդեհ». Նժդեհի Աքսորը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.