Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարօրինակ Դատավճիռ. Ֆրանսահայը Մեղաւոր Կը Ճանչցուի Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Թուրքը Անարգելուն Համար

March 18, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Կայսրութիւնը հակահարուած կու տայ», սակայն`  ոչ թէ գիտաերեւակայական ժապաւէնի, այլ ֆրանսական դատարանի մէջ:

Արդէն քանի մը տարի է, որ ֆրանսահայ համայնքը կը փորձէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք ընդունիլ` Ողջակիզումի ժխտման համար պատիժ սահմանող օրէնքի նմանութեամբ:

Թէեւ Ֆրանսայի խորհրդարանը եւ ծերակոյտը հաստատած են նման օրէնք մը, եւ նախագահ Հոլանտն ու նախկին նախագահ Սարքոզին աջակցած են անոր, սակայն հայկական ջանքերը կասեցուեցան թրքական ազդեցիկ քաղաքական եւ տնտեսական շրջանակներուն կողմէ:

Թրքական ծագում ունեցող Ֆրանսայի քաղաքացի Սիրմա Օրան-Մարց առաջարկուող օրէնքը գլխիվայր շրջելով` անարգելու մեղադրանքով Ֆրանսայի մէջ դատական հայց ներկայացուցած է ֆրանսահայ Լորան Լէյլեքեանին դէմ: «Ֆրանս-Արմենի» հանդէսի նախկին խմբագիր եւ Յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան եւրոպահայերու դաշնութեան նախկին գործադիր տնօրէն Լէյլեքեան «Մարցը կը յարձակի» վերնագիրով ծաղրական խմբագրական մը գրած էր հանդէսի կայքէջին մէջ` դատապարտելով թրքական ժխտողականութիւնը ֆրանսական հող փոխադրելու փորձերը:

Զաւեշտալի է, որ Օրան-Մարց փրոֆեսէօր Պասկին Օրանի դուստրն է, որ Թուրքիա կ’ապրի եւ կ’ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը` առանց այդ եզրը օգտագործելու, քանի որ թրքական օրէնսդրութեամբ կը պատժուին բոլոր անոնք, որոնք կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Անցեալ ամիս դատարանը իր ապշեցուցիչ դատավճիռով մեղաւոր ճանչցաւ Լէյլեքեանը` պարտաւորեցնելով անոր վճարել ընդամէնը 7.5 հազար եւրօ (10 հազար տոլար). 4 հազար եւրօ Օրան-Մարցին` բարոյական վնասի եւ 3.5 հազար եւրօ դատական ծախսերուն համար` հակառակ դատավարութեան ընթացքին անոր խուսափողական եւ անտրամաբանական վկայութիւններուն: Օրան-Մարց աւելի կանուխ կորսնցուցած էր Վիլէորփանի քաղաքապետ Ժան-Փոլ Պրեթի դէմ բացած դատը, որ պահանջած էր անկէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը` նախքան համաձայնէր զինք ընդգրկելու իր կուսակցութեան թեկնածուներու ցուցակին մէջ:

Օրան-Մարց հրաժարած էր եւ հեռացած` ընտրապայքարէն: Դատարանը այդ դատավճիռին անդրադարձած էր թրքական պետութեան «ժխտողականութեան ընդարձակ ծրագրին` հզօր, անարգ եւ համատարած». նախադասութիւն մը, որ հետագային Լէյլեքեանը մէջբերած էր իր խմբագրականին մէջ:

Դատարանի մէջ Լէյլեքեանի ի նպաստ վկայութիւն տուին երեք նշանաւոր անձեր` ֆրանսացի երեսփոխան Ֆրանսուա Ռոշեպլուան, ցեղասպանութեան եւ ժխտողականութեան յայտնի փորձագէտ Իվ Թեռնոն եւ Յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան եւրոպահայերու դաշնութեան նախկին նախագահ Հիլտա Չոպոյեան: Օրան-Մարց Լէյլեքեանի կողմէ կը մեղադրուէր Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողի դէմ թրքական ծայրայեղական Գորշ գայլեր խումբին կազմակերպած ցոյցին մասնակցելու եւ Ցեղասպանութեան ժխտման օրէնքի դէմ խնդրագիր ստորագրելու համար: Օրան-Մարցին ի նպաստ վկայութիւն տուին` Փարիզի մէջ գործող ATA թրքական ընկերութեան տնօրէն Մուրատ Էրփույեան, Անգարայի մէջ գտնուող ժխտողական հետազօտական կեդրոնի ֆրանսացի գիտաշխատող Մաքսիմ Կոյին, ֆրանսացի նախկին ուսուցիչ Ալեն Մասքարուն, որ հայցուորը կը ճանչնար Անգարայէն եւ անոր ամուսինը` Ժան-Փաթրիք Մարցը:

Յուսանք, որ Լէյլեքեանի անմեղութիւնը կ’ապացուցուի, երբ ան բողոքարկէ այս վիրաւորական մեղադրական դատավճիռը: Ակնյայտ է, որ դատաւորը ծաղրի ենթարկած է ֆրանսական արդարադատութիւնը` կողմնակից ըլլալով Ցեղասպանութեան ժխտողին եւ հակադրուելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգին: Դատապարտելով Լէյլեքեանը, որ իբր թէ իր խմբագրականին մէջ Օրան-Մարցը անարգած է, դատաւորը կ’որոշէ զրկել զայն խօսքի ազատութենէն, յատկապէս լրագրողի` կարծիք յայտնելու իրաւունքէն:

Ֆրանսացի դատաւորը պէտք է հասկնար կարծիքի եւ լրատուական նիւթի միջեւ եղած տարբերութիւնը: Բացի այդ, դատաւորը անտեսեց դատախազութեան խնդրանքը` Լէյլեքեանի դէմ քրէական գործ չյարուցելու եւ զայն դատապարտելէն հրաժարելու վերաբերեալ:

Զաւեշտալի է, որ այն ժամանակ, երբ ֆրանսահայ համայնքը կը փորձէ պատժել Ցեղասպանութիւնը ժխտողները, թուրք ժխտողը դատի կու տայ հայ մարդը: Այս այլանդակ իրավիճակը լաւագոյն ապացոյցն է այն բանին, թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը Ցեղասպանութեան ժխտումը արգիլող օրէնք ընդունի:

Մինչ Օրան-Մարց կցկտուր պատասխաններ կու տար դատարանին` յաճախ զայրացնելով դատաւորը, Լէյլեքեան յստակ, հակիրճ եւ համոզիչ փաստարկներ կը ներկայացնէր յօգուտ իրեն: Ահա թէ ինչո՛ւ դատավճիռը բոլորովին անսպասելի էր:

Արդեօ՞ք թրքական ազդեցութեան երկար ձեռքը հասած էր ֆրանսական դատական համակարգին:

Երեք տարի առաջ Վիլէորփանի քաղաքապետին դէմ իր առաջին դատավարութեան պարտուելէն ետք, Օրան-Մարց խոստացաւ շարունակել իր դատավէճը` յայտարարելով, որ անիկա «միայն առաջին փուլն էր»: Ուստի խիստ անհրաժեշտ է, որ Լէյլեքեանի դէմ կայացուած դատավճիռը վերանայուի հեղինակաւոր, բարձրակարգ փաստաբանի կողմէ կազմուած բողոքի միջոցով, որպէսզի այս դատական սխալն ուղղուի եւ թրքական ժխտողներու կողմէ այլ հակահայկական դատական հայցերու առաջքը առնուի:

Ֆրանսահայ համայնքը պէտք է լուռ չմնայ, ան պէտք է իր զայրոյթը արտայայտէ այս անարդար դատավճռի դէմ եւ պահանջէ պատժել դատաւորը` Ֆրանսայի օրէնքները խախտելու եւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը անարգելու համար:

Ժամանակն է, որ հայերը որոշակի վճռակամութիւն ցուցաբերեն Ֆրանսայի մէջ եւ այլուր իրենց իրաւունքները պաշտպանելու համար, յատկապէս`  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

Նախորդը

Վեհամօր Աւետարանը Մի՛ Խառնէք Շարժմանը. Րաֆֆին Ձեռնոց Է Նետում Մայր Աթոռին Եւ Վեհափառին

Յաջորդը

Ֆութսալ. Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտական Մրցումը Յետաձգուեցաւ Չորեքշաբթի, 20 Մարտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.