Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կամար». Գրականութեան Եւ Գեղարուեստի Անկախ Պարբերաթերթի 17-րդ Թիւը, Պէյրութ 2012

March 18, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

2005 թուականի աւարտին Լիբանանի մայրաքաղաքէն ծնունդ առնող «ԿԱՄԱՐ»-ի առաջին թիւի խմբագրականին` «ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՄԱՐԸ» խորագրին տակ, կարդացինք` «պիտի փորձէ կամրջել հայրենի եւ արտերկրի գրողները», «ճիգ պիտի չխնայէ քաջալերելու երիտասարդ գրողներ եւ յայտնաբերելու նորերը», «ճամբայ կ՛ելլէ արդի մշակութային ու գրական շրջապատին բացուելու պատրաստականութեամբ»:

2013-ի սկզբնաւորութեան լոյս տեսաւ 17-րդ թիւը` եօթը տարիներու երկարութեամբ հաստատ ընթացքի մը վկայութիւնը տալով,  ճամբու տեւողութեան յարգելով վերոնշեալ նպատակները: Միշտ որակաւոր տպագրութեամբ մեզի հրամցուող այս հանդէսին խմբագիրն է լիբանանահայ վաստակաշատ մատենագէտ, գրականագէտ, բանասէր եւ կրթական մշակ Ժիրայր Դանիէլեանը, որուն հետ կը գործէ լիբանանահայ գրողներէ բաղկացած խմբագրական կազմ մը:

Հայ գրատպութեան հինգերորդ դարադարձի օրացոյցի վերջին թերթի փրցուելու առիթի խմբագրական խորհրդածութիւններով կը բացուի այս թիւը, որուն էջերուն եւ նոյն տարուան ընթացքին հրատարակուած նախորդող երկու համարներուն մէջ զգալի է հայ արդի ստեղծագործող մտքին ժլատութիւնը այս ոսկետառ տարեգրութեան առիթով:

Հայրենի եւ սփիւռքահայ 14 գրիչներ կը տողանցեն այս թիւի 112 էջերուն մէջ, չափածոյ ստեղծագործութիւններով հանդէս կու գան` արեւելահայ Հենրիկ Էդոյեանը` ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ընդհանուր խորագրով եօթը անանուն կտորներով, վերջինը միայն ՄԱՌԱԽԼԱՊԱՏ ՕՐԸ վերնագրով  եւ Վաչէ Պետրոսեանի` ՈՄԱՆՔ ՊՏՂԻՑ, ԵՍ ԱՐՄԱՏԻՑ ԳԻՏԵՄ ԲՈՅՐԸ ԾԻՐԱՆԵՆՈՒ ոտանաւորը: Լիբանանահայ բանաստեղծներ` Խաչիկ Տէտէեան` ԹՌՉԻՐ ԻՄ ՎԵՐԵՒ, ԳԻՇԵՐ Է ԼՈՒՌ, ԲԵՐԿՐԱՆՔ երեք կտորներով եւ Յարութիւն Նագուլեան` ՎԻՐԱՒՈՐ ԼՈՐԻԿ: Իսկ ֆրանսահայ Յակոբ Պալեան ԱՆԼՈՅՍ ԱՐԵՒՈՒՆ ՏԱԿ ՊԱՏԿԵՐԴ Կ՛ԱՂՕՏԻ ստեղծագործած է Պուրճ Համուտի մէջ:

Արձակը աւելի ճոխ է, ուր կը կարդանք հայրենի գրագէտներ` Նորայր Ադալեանի ՈՐՈՇԵՑ ՍՊԱՆՆԵԼ, Անահիտ Արփենի ՓԱՓՈՒԿ ԽԱՂԱԼԻՔ եւ Էդուարդ Ա. Գրիգորեանի ԾԱՂԿԱԴԱՇՏԸ: Հալէպահայ Պերճուհի Աւետեանի ԱՆԱԿՆԿԱԼԸ, Լաթաքիայէն Յակոբ Ադամեան «ՉԱԽՄՈԽ Կ՛ՈՒՆԷՍ», Պէյրութէն Անժէլ Միսիսեան ԶԱՊԷԼԸ: Թեհրանէն Խաչիկ Խաչեր  ՇԱՀ-ՄԱԹ:

ՀԻՆԻՆ ԵՒ ՆՈՐԻՆ ՈՍԿԻ ՄԻՋԻՆԸ ԱՊՏՕ ԼԱՊԱՔԻ Սարգիս Կիրակոսեանի ստորագրութեամբ «Լիբանանեան գրականութիւն» բաժինով կը ծանօթանանք Շուշիի մէջ տեղի ունեցած Բանաստեղծութեան միջազգային Ա. փառատօնին մասնակից բանաստեղծին, որուն կցած է իր կողմէ հայերէնի թարգմանած չորս կտորներ:

Մշակութային քրոնիկ – «ԳՈՀԱՐ» ՀԱՄՈՅԹԻ ԵՐԵՒՈՅԹԸ` ՄԵՐ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ յօդուածով, Պէպօ Սիմոնեան կը ներկայացնէ Խաչատուրեան ընտանիքին մշակութային յանձնառութեան մը օրինակելի քաղաքականութիւնը «ԳՈՀԱՐ» գրադարանի բացման առիթով, անդրադառնալով նաեւ «ԳՈՀԱՐ»-ի գեղարուեստական անփոխարինելի վայելքին եւ ազգապահպանման դերին:

Քերականագիտական բաժինով Արմենակ Եղիայեան կ՛անդրադառնայ հայերէնի գոյականակերտ «եր, ներ» մասնիկներու ընդհանրացած սխալներուն եւ հանգամանօրէն կը ներկայացնէ ընդհանուր կանոններէն շեղած բառերու գրութեան ճիշդ ձեւերը:

Արա Արծրունի ÉPISTOLIER  (նամականի) գրական սեռը ուսումնասիրութեամբ մը կը ներկայացնէ: Իր ստեղծագործութեամբ նամակագրութեան սեռի տարբեր դարերու չորս օրինակներով: Հինգերորդ ուշագրաւ նամակով մը կ՛անդրադառնայ լիբանանահայ գրական կեանքի ներկայ գրողներու խմբային բաժանումներուն, այս առիթով հաստատելով, թէ գրական գործը պէտք է առանձինը հարթէ իր ճամբան:

Պարոյր Աղպաշեանի գրախօսականին արժանացած է Վաչէ Սեմերճեանի հեղինակութեամբ լոյս տեսած «ՅԻՇԱՏԱԿԵԼԻ ԴԻՄԱՔԱՆԴԱԿՆԵՐ» հատորը (Կլենտէյլ, 2012): Կենսագրական հրատարակութիւն մը, ուր կը ծանօթանանք հայ դպրոցին, մշակոյթին ու մամուլին ծառայած զանազան անձնաւորութիւններու:

Կը շարունակուի «ԿԱՄԱՐ»-ի 16-րդ թիւով սկսած նամականին, ուր հայրենի յայտնի մտաւորական Բախտիար Յովակիմեան կը հրապարակէ ԳՐԻԳՈՐ ԶՈՀՐԱՊԸ ԵՒ ՎԱՐԴԳԷՍԸ ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՍԵՐԵՆԳԻՒԼԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐՈՒՄ: Այս բաժինով կը կարդանք նաեւ ֆրանսացի բանաստեղծ ՇԱՐԼ ՊՈՏԼԵՐԻ նամակը` ուղղուած գերմանացի երաժիշտ ՌԻԽԱՐՏ ՎԱԿՆԵՐԻՆ, գրուած` Փարիզ, Վակների տուած երեք համերգներէն ետք, այս նամակը թարգմանած եւ ծանօթագրած է Պարգեւ Շահպազեանը:

Սփիւռքահայ մամուլի մէջ հայրենի հեղինակներու ստեղծագործութիւնները մեսրոպեան դասական ուղղագրութեամբ հրատարակելու պատշաճութիւնը յարգուած է, ի տես այս սկզբունքին սրբապղծութեան արտերկրի այլ թերթերու մէջ: Նշենք նաեւ, որ «Կամար»-ի մէջ լոյս ընծայուած բոլոր գրութիւնները անտիպ են:

Նկարչական նիւթով ՈՎ Է Գ. ԳԱԲՐԻԷԼԸ Հրազդան Թոքմաճեան կը ներկայացնէ նկարիչ Գաբրիէլ Գաբրիէլը, որուն անունը  ի յայտ եկած է Այնթապէն Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի փոխադրուած «Խաչելութիւն» սրբապատկերին վերջերս մաքրութեան ընթացքին, 1908 թուակիր  ստորագրութեամբ: Աւելի ուշ կը հանդիպի Տիգրան Չաքմաճեանի յօդուածին` նոյն նկարիչի մասին:

«ԿԱՄԱՐ»-ի այս թիւով գեղանկարչական ներկայութիւն ունին` Գրիգոր Նորիկեան, Պետրոս Գոնտրաճեան, Յարութիւն Նագուլեան եւ Գրիգոր Գաբրիէլեան, որոնց նկարներուն բացատրութիւնները հայերէնով տալու դրութիւնը փափաքելի է, որ պահուի նախորդներու օրինակով:

Գրական մշակութային արձագանգի տխրունին` Էդուարդ Միրզոյեան, Վարդան եպս. Աշգարեան եւ Պետրոս Հաճեան. այստեղ նշուած է նաեւ Արմէն Դարեանի ծննդեան 90-ամեակի հանդիսութիւնը:

Յիշատակութեան արժանացած  ձեռնարկներ են` Բանաստեղծութեան միջազգային Ա. փառատօն, Արցախ, Գեղամ արք. Խաչերեանի` «Երթ դէպի երանութիւն» գիրքին գինեձօնը, Հայ հնատիպ գիրքերու եւ մամուլի ցուցահանդէսը, Անթիլիաս:

Պարբերաթերթի վերջին չորս էջերով կը ներկայացուի 2012 տարուան ընթացքին լոյս տեսած  գիրքերէն տասը հատորներ, շուրջ տասը տողերով հակիրճ ներկայացումով մը իւրաքանչիւր գիրքի մասին, կցուած կողքի փոքր նկարով: Գրական եւ գեղարուեստական նման հրատարակութեան մը վերջին թիւով նկատելի այս բաժինի ճոխացումը «ԿԱՄԱՐ»-ի կարեւոր առաքելութիւններէն է, ուր գրասէր ընթերցողը պիտի ծանօթանայ բազմաթիւ զոհողութիւններով հրատարակուող հայ գիրքին:

«ԿԱՄԱՐ»-ն ալ  այդ զոհողութեան ճանապարհէն կ՛ընթանայ:

Պէյրութ                      

Նախորդը

Յուզիչ, Ինքնատիպ Եւ Շատ Բան Ըսող Նամակի Մը Ընթերցման Տպաւորութեան Տակ

Յաջորդը

Արցախեան Պահանջատիրութիւնը Հայութեան Վերադարձուց Իր Լինելիութեան Եւ Արժանապատուութեան Հպարտանքը*

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.