Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն (armchess.am) կը տեղեկանանք, որ 14 հայեր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն յառաջիկայ 5-16 մայիսին Լեկնիքայի մէջ (Լեհաստան) տեղի ունենալիք Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան:
Անոնք են` Հայաստանի ներկայացուցիչներ` կրանտմասթըրներ Վլատիմիր Յակոբեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Հրանդ Մելքումեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Արման Փաշիկեան, Աւետիք Գրիգորեան, Զաւէն Անդրէասեան, Էլինա Դանիէլեան, Յովհաննէս Կապուզեան, միջազգային վարպետ Կարէն Գրիգորեան, ՖԻՏԷ-ի վարպետ Ռոպերթ Աղասարեան եւ Վլատիմիր Պօղոսեան:


