
Երէկ գիշեր ամբողջացան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները, երբ տեղի ունեցան դարձի վերջին ճակատումները:
Արսենալ, որ հիւրն էր Պայէրն Միւնիխի, թէեւ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ երթին իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր անկէ: Գերմանական կազմը պարզապէս օգտուեցաւ օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն:
Արսենալի դուրս մնալը պատճառ դարձաւ, որ 1995-1996 տարեշրջանէն ետք առաջին անգամ ըլլալով այս մրցաշարքին ընթացքին քառորդ աւարտականի մրցումներուն բացակայ ըլլայ Անգլիան:
Արսենալի երէկուան կոլերը նշանակեցին Օլիվիէ Կիրու (3-րդ) եւ Լորան Քոսիելնի (86-րդ):
Երթին Փորթուգալի մէջ 1-0 արդիւնքով Փորթոյէն պարտութիւն մը կրած Մալակա, երէկուան մրցումին Սպանիոյ մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Իսքօ (43-րդ) եւ Ռոքէ Սանթա Քրուզ (77-րդ) նշանակեցին Մալակայի կոլերը, մինչ, Փորթոյէն Սթիւըն Տեֆուր կարմիր քարտ մը ստացաւ (49-րդ):


