Իր լուրը քաղելով «Տը Թայմզ»-էն, PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Քաթարի թագաւորական ընտանիքը կ՛աշխատի «Տրիմ ֆութպոլ լիկ» նախագիծին վրայ, որ ձեւով մը «Չեմփիընզ լիկ»-ին նմանօրինակ է:
Կը նախատեսուի, որ անոր մասնակցին աշխարհի 24 լաւագոյն ֆութպոլի ակումբները: Անիկա տեղի պիտի ունենայ երկու տարին անգամ մը` Քաթարի մէջ:
Նախագիծին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ շուրջ ամիս մը ետք:


