Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին, երէկ` կիրակի, 10 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 61 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու:
Դեսպան Քոչարեանը դիմաւորեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնն ու ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը:
Դրօշակի արարողութենէն ետք, ներկաներուն բարի գալուստի խօսք ուղղեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ ճատրակի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յովիկ Կէօզիւպէօյիւքեան, որ վեր առաւ Լիբանանի ճատրակի մարզին նպաստող ՀՄԸՄ-ի երկու մասնաճիւղերուն` Անթիլիասի եւ Պէյրութի ունեցած աշխուժ գործունէութիւնը եւ մաղթեց, որ անոնց շուտով միանայ երրորդը` Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը:
Ան վեր առնելով Հայաստանի ճատրակին տիրական ներկայութիւնը` աշխարհի մրցումներուն, հրաւիրեց դեսպան Քոչարեանը, որ արտասանէ իր խօսքը:
Դեսպան Քոչարեան իր ուղղած խօսքին մէջ ըսաւ, որ Հայաստան եղած է ու պիտի շարունակէ մնալ զօրաւոր եւ ազդու ներկայութիւն մը` ճատրակի մարզին մէջ, եւ 1963-էն սկսեալ վեց տարի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Տիգրան Պետրոսեանի բացած ճամբան պիտի շարունակուի յաջորդող տարիներուն եւս` նկատի ունենալով, որ Հայաստանի նախագահ եւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ամէն կարելին կ՛ընէ այս մարզը զարգացնելու մայր հայրենիքի մէջ:
Ապա, դեսպան Քոչարեան բացուած յայտարարեց մրցաշարքը, երբ շարժեց առաջին քարը:
Ստորեւ կու տանք մրցումներուն արդիւնքները.
1.- Գլակ Մարտիրոսեան (7 կէտ), 2.- Սինթիա Թաշճեան, Յակոբ Թերզեան (5-ական կէտ) եւ 3.- Պասել Հայտար (4 կէտ):
Քաջալերական մետալներ տրուեցան Արլի Տէր Աբրահամեանի (3) եւ Սելին Անժէտըլպիի (2):
10 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
(ՏՂԱՔ)
1.- Մոհամետ Ժաուիշ (6), 2.- Ատամ Պասսամ եւ Հրակ Լախեան (5-ական կէտ) եւ 3.- Էլիաս Օշանա, Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան եւ Փիթըր Մուրատեան (4-ական):
(ԱՂՋԻԿՆԵՐ)
1.- Նանօր Առնելեան (4), 2.- Նարօտ Գըլըպոզեան (4) եւ 3.- Լիակ Մարտիրոսեան (4):
12 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
1.- Ժաուատ Ֆարհաթ (5,5), 2.- Ճիօ Գալուստ (4,5) եւ 3.- Լեւոն Գալայճեան եւ Արի Աւետիս (4-ական):
Քաջալերական մետալ մը տրուեցաւ Վարդուկ Ֆինիքեանի (1):
14 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
1.- Հայկ Աւետիս (4), 2.- Քարլօ Դարբինեան (4) եւ 3.- Հատի Ֆարհաթ (3,5):
16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
1.- Մոհամետ Համատ (6), 2.- Քարիմ Համաուի (6) եւ 3.- Ռալֆ Խէյրալլա եւ Ատպել Լաթիֆ Հասան (4,5-ական):
Աւարտին, նախքան մրցանակաբաշխութիւնը, մասնակցողներուն շնորհակալութիւն յայտնեց մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարը` Էլի Հուլիշեան:
Ապա, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին խօսքը արտասանեց ֆետերասիոնի անդամ Էլի Խէյրալլա, որ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց ՀՄԸՄ-ին:
Վերջին բաժինով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանին յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը: Դեսպան Քոչարեան անգամ մը եւս իր սրտի խօսքը ուղղելով մասնակցող երկսեռ ճատրակ խաղացողներուն ըսաւ, որ եթէ շատեր այսօր մրցանակակիր չեղան, պէտք չէ, որ իրենց յոյսը կտրեն, այլ պէտք է պայքարին յառաջիկային լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու եւ տիրանալու առաջնակարգ դիրքերու:
Նշենք, որ մրցաշարքին տեւողութեան ընթացքին մրցումներուն հսկեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբի ատենապետ Վրէժ Աբրահամեան:
Իսկ իրաւարար Էլի Հուլիշեանին օժանդակեցին Սեդօ Օգնայեան, Ժիրայր Օգնայեան, Գէորգ Կոստանեան, Ռազմիկ Օգնայեան եւ Աբիկ Աբրահամեան:



