Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիական Օրագրութիւն 13

March 11, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Կարգ մը լաւատեսներ կարծիք կը յայտնեն, թէ մարդկութեան ոսկեդարը տակաւին չէ եկած, յառաջիկային է: Եթէ ընդունինք, թէ որեւէ երեւոյթ կ’ունենայ ծնելիութեան նախապատրաստական շրջան, ուրեմն այսօր մենք ոսկեդարու ծնունդը կը պատրաստենք… մարդկութեան վաստակի առիւծի բաժինը յատկացնելով նոյնինքն մարդը ոչնչացնող զինատեսակներ արտադրելու վրայ:

Կ’երեւակայեմ` ինչպիսի՛ ոսկեդար կրնայ ծնիլ նման յղութենէ:

Իսկ եթէ պակաս լաւատես ըլլանք ու աւելի իրատես, կը լսենք ողորմած հոգի դրացուհիիս ձայնը: Ան սուրճի գաւաթներու մէջ դրացիներու ապագան կը գուշակէր ու կ’ըսէր` «Ներկադ ի՜նչ է, որ ապագադ ի՛նչ ըլլայ»: Ան կեանքի պարզագոյն փիլիսոփայութիւնը կու տար` անկեղծօրէն: Այսօր աշխարհի հզօրները մարդկութիւնը ոչխարի հօտ ըրած` ա՛լ ջանք չեն թափեր նոր թակարդներ լարելու եւ մեզ տակաւին կը խաբեն ժողովրդավարութեան հեքիաթի խայծով: Արդիւնքը` Ամերիկայի հաստատած ժողովրդավարութիւնը Իրաք. բայց որ ամէն օր պայթիւններէ մարդիկ ճանճերու պէս կը մեռնին, այդ ալ գինն է, դիւրի՞ն կարծեցիք ժողովրդավար երկիր ստեղծելը: Եգիպտացիները տարիէ աւելի վրանաբնակ` կը  սպասեն մատամ ժողովրդավարութեան գալուստը, ու ծաղկեփունջի տեղ փշեպսակ կը ստանան: Սուրիոյ մէջ` ֆելլահի մանգաղով հնձուող ցորենի տեղ` հնձուողը սերունդներ են…, Իրան` Դամոկլեան սուրը գլխուն վրայ…

Անպայմա՜ն մարդկութիւնը կ’երթայ դէպի փայլուն ապագայ` ոսկեդար. միայն հոն չմտած` թող չմոռնայ Լէյտի Մաքպեթի նման ձեռքերուն արիւնը լուալ Արաբիոյ անուշահոտ օծանելիքներով:

***

Հալէպի կիներու առօրեայ զրոյցներէն.

– Քահրապա ունի՞ք… օրուան մէջ որքա՞ն… երանի՜ ձեզի…

– Քահրապան կտրեցի՛ն…

– Երեք ամիս է քահրապա չունինք… սառնարանի դուռը խանի պէս բաց է…

– Քահրապայի կեդրոն մը նորէն զարկեր են, ալ նայինք քանի օր չենք ունենար…

– Նորոգելու գացող քահրապճիներուն ղաննասը կը զարնէ…

Ահա վերջին ամիսներուն Հալէպի մէջ ամէնէն աւելի շրջանառուող, գործածուող բառը` «քահրապա»: Ու քանի որ «հոսանք» բառը քիչեր պիտի հասկնան, ու քանի որ քահրապա-ն ալ շատ լսելէն «հարազատ» դարձաւ, մէկդի կը դնեմ որեւէ սկզբունք, «հիմա նեղ տեղը հայերէն պահանջե՞լդ բռնեց»…

Քահրապա եթէ ըլլայ, ես ալ կը գրեմ:

Թէեւ կեանքի այս ձեւը դարձաւ սովորական ու ցնցումներ չեն պատճառեր ամենասոսկալի լուրերն իսկ: Կը լսենք համակերպած, կը ձեւացնենք զարմանալ, ցաւիլ, բայց իրականութեան մէջ արդէն գրեթէ բթացեր ենք (ասոր վարժուիլ կ’ըսեն), լիովին ճանչցեր ենք մարդկային հրէշութեան առաւելագոյն սահմանները. համակերպած` կը սպասենք… ինչի՞. անշուշտ` գարնան.

– Քա՛, ե՜րբ պիտի վերջանայ, ալ չե՜մ դիմանար…

– Կը վերջանա՛յ, ամէն ինչ վերջ ունի, չէ՞…

– Մարտին երկու տարի պիտի ըլլայ. եղեր` եթէ շարժում մը երկու տարին անցնի, յեղաշրջում կը նկատուի ու կառավարութիւնը ազատ կ’ըլլայ ուզածին պէս…

– Ինչու` գաղտնի՞ք էր, որ յեղաշրջում է…

– Ո՜ւֆ, թող զարնեն, վերջանանք, եա՜…

– Ինչու` դեռ զարնելիք տեղ մնա՞ց…

-Ո՞վ ըսաւ, որ պիտի վերջանայ, Պէյրութ քանի՜ տարի տեւեց…

– Ամմա՜ն, Աստուած չընէ…

****

Բանաստեղծ ըլլալ պարտաւոր չես,
բայց պարտաւո՛ր ես ըլլալ քաղաքացի:
Նեկրասով

Բարեկամ մը Դիմատետրին մէջ գրած է, թէ Հայաստանը սուրիահայոց համար փրկութեան լաստ է, ու թէ` հոն գացողները պէտք է ամուր մնան հողին ու չհեռանան:

Միտքս անմիջապէս քանի մը առածներ կու գան, բայց բարեկամը վշտացնել չեմ ուզեր:

Եթէ մենք կը գրենք մեր համոզումը, այս պարագային իրականութեան միայն վարդագոյն ակնոցով կը նայինք. բայց մենք տասնհինգամեայ աղջնակ չե՛նք:

Եթէ կը գրենք ինչ-ինչ համակրութիւններ շահելու համար, մեր կոչումին դէմ մեղանչում է (թէկուզ եւ ըլլայ ընդհանրացած):

Հոս երկու ճամբայ կայ` կա՛մ «ինծի ի՞նչ, ե՞ս մնացի շտկող, ինչո՞ւ թշնամի շահիմ»-ի ետին կը պահուըտինք (ինչ որ մեր «մտաւորականութեան» կարեւոր մէկ մասը կ’ընէ), կա՛մ իրերը իրենց անուններով կը կոչենք, այսինքն` «թագաւորը մե՜րկ է»: Գաղջ վիճակներ, գոլ խօսքեր այսօր, երբ մեր արիւնը կը հոսի դէպի Արեւմուտք, մեղանչում է մեր հողին, արեան, հոգիին դէմ ու մեր կոչումին:

Մենք պարտաւոր ենք առանց սիրուն բառերու ետին պահուըտելու, առանց հաշուարկներու բազմաձայնել, ահազանգել անդադար, սփիւռքի մէկ ծայրէն միւսն ու հայրենիքի մէջ, մինչեւ աղէտը դադրեցնելու կարողները քայլեր առնեն: Որպէսզի «հայրենիքի մէջ մնացէք»-ը  չըլլայ ափսուրտ, հովին դէմ ըսուած խօսք, որպէսզի հայրենիքը իրաւ ըլլայ հաստատուն կայք եւ ոչ` մեզի այս ափէն հայրենիք, հայրենիքէն Արեւմուտք քշող լաստանաւ:

****

Ամէնօրեայ ճամբուս վրայ երկու տարեց այրեր մայթային խանութ բացեր` բանջարեղէն կը ծախեն….ու քանի որ մրցակիցներ շատ են ու իրենք` պայքարի անկարող, բանջարեղէնները թոռմած էին միշտ: Վերջերս փոխեցին «խանութին» բնոյթը: Մանրավաճառի իրեր դրած, ամպհովանիի տակ աթոռակներու նստած` սուրճ կը խմեն ու կը սպասեն յամեցող յաճախորդը:

Հացի դրամ շահիլ կը փորձեն:

Այսօր փաստեցի, որ հայեր են. ինչէ՞ն… անտարակոյս` թրքերէն խօսակցութենէն: Այդ լեզուն, մեծ մօրս արտայայտութեամբ, «գլխուս որդերը կը շարժէ» ու տրամադրութիւնս կը փլէ, բայց այսօր յուզեց: Հասկցայ խօսուածը (ե՜ս ալ հայ եմ…), բայց վերարտադրել կարողանալու համար դիմեցի թրքերէն իմացողի: Ահա պատկերը`

– Գարտաշը՛մ, ալ հոս մնալու չէ՛…

– Նէ՞րա կէտաք, եա՛օ…

Եւ կ’իշխէ «մայրենին»`

– Ղըզըմ տէտի քի, Հայաստանա կէտաք…

– Նա՞սըլ կէտաք, նէրտա՞ն պիզա օ գատար փարա…

Ահաւասիկ դէպք մը, երբ դատարկ քսակը թոյլ չի տար հայրենասէր ըլլալ…

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

«Զինուորականը Կարող Է Տուն Ունենալ, Հող Ունենալ, Բայց` Ո՛չ Պիզնըս, Լիբանանում Զինուորականին Արգելուած Է Անձնական Պիզնըս Ունենալ». Հարցազրոյց Լիբանանի Պետական Նախարար Զօրավար Փանոս Մանճեանի Հետ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.