Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ` «ԷՄԻԼ ԼԱՀՈՒՏ» ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ

March 7, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան, երէկ` կիրակի, 6 մարտ 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ ելոյթ ունեցան Հայաստանէն հրաւիրուած վաստակաւոր արուեստագէտներ Լէյլա Սարիբէկեան, Արսէն (Մրրօ) Գրիգորեան եւ ազատամարտիկ-երգիչ Մկրտիչ Մկրտիչեան (Մակիչ):

Համազգայինի Ճեմարանի շրջանաւարտից միութեան անունով Վաչէ Ծատուրեան բացման խօսքին մէջ նշեց, որ 2010-2011 տարեշրջանը կը զուգադիպի Շրջանաւարտից միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակին: Ան հաստատեց, որ շրջանաւարտները` հիմնադիր առաքեալներու տեսիլքին հաւատարիմ, ծառայեցին հայութեան եւ յատկապէս Հայ դատին: Անոնք յանձնառու պարտականութիւններ ստանձնեցին հայկական կեանքին մէջ եւ ոմանք նոյնիսկ իրենց կեանքը նուիրեցին յանուն հայրենիքի: Վ. Ծատուրեան շեշտեց, որ Ճեմարանի նպատակը միշտ եղած է հայեցի դաստիարակութիւն փոխանցել նորահաս սերունդին, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթին նկատմամբ սէրը տարածել:

Եզրափակելով իր խօսքը` Վ. Ծատուրեան երախտագիտութիւն յայտնեց 3 երգիչներուն, որոնք անվարան ընդունած են միութեան հրաւէրը, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, որ հայ դպրոցը հայակերտման ու մարդակերտման միակ դարպասն է: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան, յատկապէս «Փիւնիկ» հիմնադրամին, «Վանայ Ձայն»ին, «Ազդակ»ին եւ «Միւզիք Փիփըլ»ին:

Այնուհետեւ յաջորդաբար բեմ բարձրացան Մկրտիչ Մկրտիչեան (Մակիչ), Լէյլա Սարիբէկեան եւ Արսէն (Մրրօ) Գրիգորեան, որոնք երեք ժամ տեւողութեամբ իրենց ներկայացուցած երգերով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ներկաներուն մօտ:

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Քուէյթի եւ Ծոցի արաբական երկիրներու նախկին կաթողիկոսական փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեան: Ան նկատել տուաւ, որ ինք միակ շրջանաւարտն է, որ Ճեմարանէն անցած է դպրեվանք: Սրբազանը գնահատեց երգիչներուն կատարումները եւ շնորհաւորեց Շրջանաւարտից միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակը` մաղթելով յարատեւ վերելք:

Հարկ է նշել, որ ձեռնարկին հասոյթը ամբողջովին պիտի տրամադրուի «Ճեմարանի սաներու ֆոնտ»ին:

Նախորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Բ. ԿԱՆԱՉԵԱՆ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԿԻՍԱՄԵԱՅ ՈՒՆԿՆԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յաջորդը

ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ. ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.