Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանում Պետութիւնն Ու Իշխող Կուսակցութիւնը Նոյնացած Են»

March 5, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ինչպէս որ թեւաւոր խօսքը կը սորվեցնէ, «Փերին դուրս եկած է կախարդական սրուակէն եւ այլեւս կարելի չէ ետ խցկել զայն»:

Հայաստանի եւ հայութեան պարագային` «փերի»-ն սեփական ճակատագիրը անկաշկանդ եւ ինքնուրոյն տնօրինելու մեր ժողովուրդին ազատ կամքն է:

Հայաստանի վերանկախացումին եւ հայոց պետական տան ժողովրդավարական վերականգնումին յաջորդած աւելի քան 22 տարիներու ընթացքին, մեր ժողովուրդին ազատ կամքը առասպելական փերիին օրինակով կախարդական սրուակի մէջ արգելափակուեցաւ:

Խորհրդարանական, նախագահական եւ տեղական ինքնակառավարման համապետական ընտրութիւններ հետեւեցան իրարու, նոյնպէս սահմանադրութեան հաստատման ու բարեփոխման հանրաքուէներ ալ ունեցանք, բայց պետական կառավարման իշխանութիւնը իր միակ իրաւատիրոջ` հայ ժողովուրդին յանձնելու, այլեւ վերադարձնելու հրամայականը շարունակ ոտնակոխուեցաւ:

Յուլիս 1995-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն եւ սահմանադրութեան հանրաքուէէն սկսեալ, իր կեանքն ու ապագայ սերունդներուն կեանքը ազատօրէն տնօրինելու մեր ժողովուրդին անբռնաբարելի իրաւունքը սեփական իշխանութեանց կողմէ արհամարհուեցաւ եւ բրտօրէն խցկուեցաւ կախարդական սրուակի մէջ:

Անշուշտ, ինչպէս հայրենի ընտրազանգուածը, այնպէս ալ աշխարհասփիւռ հայութեան իրաւատէր մեծամասնութիւնը բնաւ չհամակերպեցաւ իր ազատ կամքին պարտադրուած ապօրինի ու անարդար այդ կաշկանդումին: Համաժողովրդային իւրաքանչիւր քուէարկութիւն առիթը ընծայեց հայ քաղաքացիին, որպէսզի դրսեւորէ իր ընդվզումն ու ծառացումը պետական իշխանութեան տիրացած քաղաքական ուժին բռնացումներուն դէմ:

Անցանք 1996-ի եւ 2008-ի նախագահական ընտրութեանց յաջորդած քաղաքացիական ցնցումի, պայթումի եւ երկփեղկման ծանրակշիռ փուլերէն, որոնք եկան արմատականացնելու մէկ կողմէ ազատ կամքի փերին կախարդական սրուակի մէջ բանտարկուուած պահելու պետական իշխանութեանց կամակորութիւնը, իսկ միւս կողմէ` ժողովրդավարական քուէարկութեամբ ստրկական համակերպումին վերջ տալու համաժողովրդային վճռականութիւնը:

Յատկապէս 2008-ի մարտիմէկեան խռովութիւնները սպառնալից եւ վտանգաւոր եղան այն աստիճան, որ ոչ միայն մեր երկիրն ու պետութիւնը հասցուցին անդունդի եզրին, այլեւ` ծանրօրէն խոցեցին վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային վարկը:

Տեղը չէ խորանալու արդէն անցեալին պատկանող այդ ցնցումներու գաղափարական ախտորոշումին մէջ: Բայց անպայման տեղն է ընդգծելու, որ մեր ժողովուրդին ազատ կամքի ու անկաշկանդ ընտրութեան իրաւունքը շղթայազերծելու եւ տիրական դարձնելու քաղաքական կազմակերպ պայքարը միշտ ալ հեռու պահուեցաւ իր… յաղթանակէն:

Աւելի որոշակի` ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու եւ կուսակցութեանց ժողովրդավարական ու օրինապահ ծառացումները, ընտրապայքարներն ու վայելած համաժողովրդային լայն վստահութիւնը, շարունակ, իրողապէս յաղթանակելով հանդերձ` երբեք օրինական իշխանափոխութեամբ չաւարտեցան: Քաղաքական կազմակերպ ընդդիմադրութիւնը միշտ ալ բախեցաւ պետական իշխանութեան ղեկը ստանձնած քաղաքական վերնախաւի ձեւականօրէն ժողովրդավարական, բայց էապէս բռնադատական մեքենայութիւններուն, եւ ընկրկեցաւ անոնց բիրտ ուժի զօրութեան առջեւ:

Գործող իշխանութիւնը ամէն ընտրութեան պարզապէս խլեց յաղթանակը, որովհետեւ զինուած էր անպարտելի լծակներով ու յենակէտերով, ըստ ամենայնի պետականութեան ողջ ներուժը իր վերընտրութեան ու վերարտադրութեան ծառայեցնելու անհաւասար, անմրցելի՛ հնարաւորութիւններով:

Աւելի քան քսանամեայ ճամբայ կտրած ներքաղաքական ուժերու դասաւորման, մանաւանդ իշխանութիւն-հասարակութիւն խզումի եւ առճակատման այս խորապատկերով տեղի ունեցաւ 18 փետրուար 2013-ի նախագահական վերջին ընտրութիւնը:

Եւ պատահեցաւ անխուսափելին:

Ընտրազանգուածը ի վիճակի եղաւ, համաժողովրդային քուէի տարերային զօրաշարժով, ընկրկումի մատնելու պետական իշխանութեան անմրցելի ուժը` ընդդիմադիր գլխաւոր կուսակցութեանց եւ գործիչներու կազմակերպ ու միասնական ճակատի ընտրապայքարէն հեռու մնալու պայմաններուն մէջ իսկ:

Այս առումով` Ազգային ժողովի դաշնակցական խմբակցութեան պատգամաւոր եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան փաստօրէն մատը կը դնէ բուն վէրքին վրայ, երբ 26 փետրուարին «Երկիր»-ի տուած իր յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծէ, որ` «Ընտրութիւնները, ինչպէս եւ սպասւում էր, վատն էին, պաշտօնական արդիւնքները` կանխորոշուած: Կանխորոշուածութեան հիմնական պատճառը մնաց նոյնը` պետութեան ողջ ռեսուրսի իւրացումը իշխող քաղաքական ուժի կողմից:… Ողջ պետական համակարգը, ընտրութիւնների ժամանակ, աշխատում է իշխանութեան թեկնածուի օգտին… Հայաստանում պետութիւնն ու իշխող կուսակցութիւնը նոյնացած են»:

Նոյնքան խորհրդածութեան ատաղձ կը տրամադրէ դաշնակցական պատասխանատու գործիչը, երբ փետրուար 18-ի քուէարկութեան արժեւորումը կը կատարէ եւ յետընտրական համաժողովրդային բողոքի շարժման էութիւնն ու հեռանկարները կը պարզէ.

«Սակայն այս ընտրութիւններն ունեն մի կարեւոր առանձնայատկութիւն: Հիմնական քաղաքական ուժերի չմասնակցութեան խորապատկերին, առաջին հերթին հէնց իշխանությունների համար անակնկալ եւ աննկատ կերպով ընդդիմադիր ընտրազանգուածը ինքնակազմակերպուեց եւ կենտրոնացաւ մէկ թեկնածուի շուրջ: Այսպիսով, ինքնաբերաբար ձեւաւորուեց միասնական թեկնածու, որից այդքան խուսափում էին իշխանութիւնները, եւ նախագահի ընտրութեան առաջին փուլը, ըստ էութեան, ընթացաւ երկրորդ փուլի տրամաբանութեամբ:

«Սա պերճախօս վկայութիւնն է այն հանգամանքի, որ երկրում առկայ քաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ բարոյական մթնոլորտը այն աստիճան խեղդող է, իշխանութեան վերեւից ներքեւ պահուածքը այն աստիճան անտանելի եւ վիրաւորական, որ յանգեցրեց ժողովրդի ինքնաբուխ ընդվզմանը:

«Թէ ի՛նչ է ցոյց տալիս ժողովրդի այս  ցասումը, շատ յստակ է` մարդիկ այլեւս այսպէս ապրել չեն կարող եւ ուզում են ունենալ իրենց արժանի իշխանութիւն: Փետրուարի 18-ին մեր ժողովրդի դրսեւորած կամքը պէտք չէ ոտնահարուի: Ընտրութիւնների օրը ժողովրդի ինքնաբուխ ընդվզումը յետընտրական շարժման վերածուելու այս գործընթացի շարժառիթը դա՛ է, որի վերջնական նպատակը պէտք է լինի ժողովրդի լիակատար իշխանութեան հաստատումը երկրում` բոլո՛ր մակարդակներով: Սա տեւական եւ անկոտրում պայքարի ճանապարհ է»:

Կասկածէ վեր է, որ իշխանութեան մենաշնորհէն դժգոհ ընտրազանգուածը իր վստահութեան քուէն Րաֆֆի Յովհաննէսեանին վրայ կեդրոնացուց, որովհետեւ անոր մէջ տեսաւ օրինական եւ ժողովրդավարական պայքարի ուղիով արմատական իշխանափոխութեան հասնելու, այլեւ տիրող կառավարման խաթարուած համակարգը հիմնովին բարեփոխելու յոյսը:

Դժուար է նախատեսել, թէ «Ժառանգութեան» առաջնորդը որքանո՞վ ի վիճակի պիտի ըլլայ արդարացնելու այդ սպասումը:

Բայց նաեւ տարակոյս պէտք չէ ունենալ, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեան հետեւողական գտնուած է քաղաքական խաթարուածութեան դէմ անհաշտ պայքար մղելու իր կեցուածքին մէջ, որ գումարուելով ազգային արժէքներու իր փարումին եւ ժողովրդավարական գործիչի ինքնահաւատարմութեան վրայ` ճամբայ կը հարթէ իշխանութիւն-ժողովուրդ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծումին առջեւ:

Աւելի՛ն. ինչպէս Դաշնակցութիւնը, նոյնպէս եւ Հայաստանի ընդդիմադրութեան դաշտը զբաղեցնող ուժերը արդէն պատրաստակամութիւն յայտնած են յետընտրական ժողովրդային շարժումը հզօրացնելու, որպէսզի իշխանաւոր քաղաքական ուժը շարունակ պահուի սեփական ժողովուրդին հաշիւ տալու եւ ժողովուրդի՛ հաւանութեամբ կառավարելու ճնշումին տակ:

Այս իմաստով փերին դուրս նետուած է իր արգելափակման կախարդական սրուակէն:

Եւ Հայաստանի ու հայութեան պետական հզօրացման համար հնչած է ժամը, որպէսզի ամէն բանէ առաջ եւ վեր` պետութիւնն ու պետական իշխանութիւնը ձերբազատին իշխող քաղաքական ուժին պատանդը մնալու, իշխանաւոր այս կամ այն վարչախումբին սեփական ագարակին վերածուելու չարիքէն:

 

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Բարե՛ւ… Յեղափոխութի՛ւն Եւ Եղափոխութի՛ւն

Յաջորդը

Վերջին 10 Տարում Ազրպէյճանը Որտեղի՞ց Է Զէնք Գնել Եւ Ի՞նչ Քանակութեամբ. Տուեալներ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.