Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Դէպի Մայրաքաղաք Պէյրութ Մարդկային Հոսքի Մը

February 27, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նստացոյցը` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան առջեւ

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը, որ անկոտրում կամքով եւ երկրորդ շաբաթն ըլլալով կը շարունակէ իր բաց գործադուլը, երէկ նստացոյցեր կազմակերպեց հիմնականօրէն տնտեսութեան եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան նախարարութիւններուն դիմաց:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն եւ պետական պաշտօնեաներուն այսօր մասնակցելու դէպի մայրաքաղաք Պէյրութ կատարուելիք մարդկային հոսքին:

Խորհուրդը, որ կը շարունակէ պահանջել պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն խորհրդարան փոխանցումը, Կեդրոնական Պէյրութի մէջ, տնտեսութեան նախարարութեան դիմաց իր կծու պատգամները ուղղեց նախարարութեան` խստիւ դատապարտելով փտածութիւնը:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւս անմասն չմնաց այդ կծու պատգամներէն. խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ իր խօսքը ուղղելով վարչապետին, անկէ պահանջեց դուրս գալ իր լռութենէն եւ խօսիլ լիբանանեան հանրութեան ու անկէ ներում հայցել, որովհետեւ ան խոստում տուած է եւ կառավարութեան նիստին ընթացքին վաւերացուցած յաւելումները` զանոնք սակայն պահելով կառավարութեան մօտ: «Հետեւաբար Միքաթի պէտք է լիբանանցիներէն ներում հայցէ` այդ յաւելումներուն գործադրութեան առումով իր անկարող ըլլալը ընդունելով: Դո՛ւն ես հարցը, որովհետեւ կը հնազանդիս տնտեսական խորհուրդներուն ցուցմունքներուն», ըսաւ Ղարիպ:

Ան շեշտեց, որ այսօր պիտի ըլլայ դէպի Պէյրութ հոսքի օրը, որուն ընթացքին պիտի յաղթանակէ լիբանանեան ազգային արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի իրականանայ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

Սեփական վարժարաններու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ նշեց, որ կառավարութիւնը այսօր պիտի գումարէ իր նիստը, հետեւաբար վարչապետ Միքաթիէն եւ խորհուրդին հետ համաձայնութիւն գոյացուցած քաղաքական բոլոր ուժերէն պահանջուած է յաւելումներուն թղթածրարը փոխանցել խորհրդարան: «Եթէ նման քայլ չառնուի, ապա ատիկա կը նշանակէ, թէ բաց գործադուլն ու դասադուլը, ինչպէս նաեւ հարիւր հազարաւոր լիբանանցիները ոչ մէկ իմաստ կը ներկայացնեն կառավարութեան եւ հետեւաբար կառավարութիւնը ոչ մէկ իմաստ կը ներկայացնէ լիբանանցիներուն», ըսաւ Մահֆուտ:

Նշենք, որ Պէյրութի եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ գործադրուեցաւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին բաց գործադուլը, իսկ պետական եւ սեփական վարժարանները, որոնց կարգին նաեւ կաթողիկէ վարժարանները փակ պահեցին իրենց դռները:

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Ընտրական Օրինագիծերուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կ՛այցելէ Աւստրիա

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։