Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի-Քոնելլի Հանդիպում

February 27, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քոնելլի եւ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու սուրիական զարգացումները:

Քոնելլի հաստատեց Լիբանանի կողմէ որդեգրուած չէզոք կեցուածքին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց սահմանամերձ շրջանին մօտ սպաննուած լիբանանցիներուն համար եւ Ուաշինկթընի անունով կոչ ուղղեց սուրիական վարչակարգին եւ նախագահ Ասատին յարգելու Լիբանանի անկախութիւնը, կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

Քոնելլի հաստատեց նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ շեշտուեցաւ, որ այդ թղթածրարը կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստին ընթացքին քննարկումի առարկայ պիտի չդառնայ:

Սաֆատի յայտնեց, որ այդ մասին քննարկումները տակաւին չեն աւարտած. ան աւելցուց, որ ինք չի նախատեսեր նաեւ պետական պիւտճէի նախագիծին վաւերացումը` նկատի ունենալով որոշ հարցեր:

Սաֆատի նշեց, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն ֆինանսաւորումը պէտք է լաւապէս սերտել, որպէսզի աւելի ուշ ան երկրին տնտեսութեան եւ սեփական մարզին վրայ իր հետեւանքները չունենայ:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապը, որ յայտնեց, թէ ըստ երեւոյթին, պետական քննութիւններուն յետաձգումը անխուսափելի է, սակայն ոչ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին դասադուլին պատճառով, այլ` երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան պատճառով:

Տիապ շեշտեց, որ ինք առանձին կ՛որոշէ պետական քննութիւններուն թուականները եւ ոչ թէ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ հանրային ցամաքային փոխադրութեան մարզը ներկայացնող սենտիքային մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով սենտիքայի նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ իրենք այսօր հանդիպում մը պիտի ունենան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ: Այդ հանդիպումին լոյսին տակ է, որ իրենք պիտի որոշեն իրենց վերջնական քայլերը:

«Եթէ համոզուած ենք, ապա համապատասխան կեցուածքով պիտի ներկայանանք հանրութեան, այլապէս վաղը` հինգշաբթի օր, պիտի միանանք Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին բաց գործադուլին», ըսաւ Թլայս:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի, որ յայտնեց, թէ իսլամ արգելափակեալներուն դատավարութիւնը ընթացքի մէջ է:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Տահերն Ու Մըրատը

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Ընտրական Օրինագիծերուն Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։