Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 25-ամեակին Առիթով. Լիբանանահայ Աշակերտները Ուխտեցին Շարունակել Հայ Ժողովուրդի Պահանջատիրութիւնը

February 26, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ քարոզչական մարմինին, արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակի նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ, երէկ երկուշաբթի, 25 փետրուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական հանդիսութիւն` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան, տնօրէններու, կրթական պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու:

Արցախի քայլերգը լսելէ ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեղրի Չարըգեան, որ նշեց, թէ Արցախ ազատագրուած է շնորհիւ հարիւրաւոր նահատակներու նուիրումին եւ գերագոյն զոհաբերութեան: Չարըգեան ըսաւ, որ այսօր համայն հայութիւնը հաւաքաբար պէտք է մասնակցի Արցախի ամբողջականութեան պահպանման եւ վերականգնման աշխատանքներուն:

Ապա Մհեր Տէր Դաւիթեան երգեց «Լերան լանջին» երգը, որմէ ետք խումբ մը աշակերտներ կիթառով, ջութակով եւ սրինգով նուագեցին ազգային հայրենասիրական երգեր: «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» երգը կատարեց Լորի Զէքեան, ապա Թալին Գանտահարեան ասմունքեց Շահանդուխտի «Արցախեան մահարշաւ» քերթուածը:

Եսայի Հաւաթեան

Օրուան պատգամախօս Եսայի Հաւաթեան  յայտնեց, որ ճակատագրական պահերուն, երբ ազգը միակամ է եւ արթուն, անիկա կը դառնայ անյաղթահարելի, ինչ որ հայութիւնը ցոյց տուաւ Արցախի մէջ: Արցախին արժէքը ներկայացնելէ ետք, Հաւաթեան ըսաւ, որ հայութիւնը, շնորհիւ նուիրեալ ազատամարտիկներուն, իր ձեռքով կերտեց անկախութիւնը եւ հաստատեց արդարութիւնը:

Պատգամախօսը աւելցուց, որ Արցախը հայ ժողովուրդի հպարտութիւնն է եւ իւրաքանչիւր հայէ կ՛ակնկալուի ապրիլ հայօրէն ու տէր կանգնիլ պատմութեան, եկեղեցւոյ, մշակոյթին, արժէքներուն եւ դատին:

Իր խօսքի աւարտին, Եսայի Հաւաթեան շեշտեց, որ հայ աշակերտը պէտք է անպայման այցելէ հայրենիք եւ հոն տօնէ Արցախի փառապանծ յաղթանակը:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Վանա Ճենանեանի կատարողութեամբ «Արցախ» ասմունքի ներկայացումով, որուն կ՛ընկերակցէր լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը, ապա Պէթի Սուլեան երգեց «Իմ Ղարաբաղ» երգը:

 

 

 

 

 

 

 

 

Արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակի աշակերտական հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Շատախի ռազմապար» պարին ներկայացումով:

 

 

Նախորդը

Թումանեանական Երեկոյին Ընթացքին Ներկայացուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի Ժառանգութիւնը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.