Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. …«Դէպի Ապահով Վերընտրութիւն»

February 25, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի յառաջիկայ հնգամեայ «փլաթֆորմ»-ը ամփոփուած էր կարճ ու կտրուկ լօզունգով մը` «Դէպի ապահով Հայաստան»: Այդպէս ալ ընթացաւ փետրուար 18, 2013-ի Հայաստանի նախագահական ընտրութեան օրը…առանց ապստամբութեան, առանց յիշատակելի միջադէպի կամ անդորրութեան խախտումի:

Ընդհակառակը, ընտրութեան ուղին ապահով էր, այնքան մը ապահով, որ միջազգային դէտերը կը հաստատէին, թէ «ընտրութիւն տեղի կ՛ունենար, սակայն ընտրող չկար»: Եւ 12 ժամ տեւողութիւն ունեցող այս ընտրութեան ի յայտ եկաւ թէ վաթսուն առ հարիւրէն պակաս է քուէարկութեան մասնակցողներուն թիւը: Այս համեմատական թիւը որքանով իսկական մասնակցութեան թիւին հետ կը համընկնի, կամ արդեօք գոհացուցի՞չ կարելի է սեպել նման մասնակցութիւն: Ըստ երեւոյթին, մնացեալ «անձայն» քառասուն առ հարիւրը, կամ աւելին, այնքան մը ապահով նկատած են իրենց երկիրը, որ որոշած են նոյնիսկ չներկայանալ քուէատուփ:

Ապահով ալ էր վերընտրութեան գործընթացը: Ոչ մէկ անսպասելի անակնկալ կամ յեղաշրջում:

Յստակ էր, թէ հարթակի վրայ ներկայացող ութ թեկնածուներէն երկուքը միայն պիտի ստանային շօշափելի քուէներ: Անշուշտ կարիք ալ չեղաւ վտանգաւոր ոդիսականներ ձեռնարկելու եւ ստեղծելու երկրորդ հանգրուան մը, այսինքն` այնպիսի կացութիւն մը, որ ոեւէ թեկնածու, քուէներուն յիսուն առ հարիւրէն աւելի ապահոված չըլլալով, կրնայ կատարուիլ աւարտական հանգրուանը` ամէնէն աւելի բարձր քուէներ հաւաքող առաջին երկու թեկնածուներուն միջեւ:

Սպասուածին նման` Սերժ Սարգսեան ապահովեց քուէներուն աւելի քան յիսուն առ հարիւրը` նոյնիսկ հեռու մնալով սահմանամերձ թիւերէն, իսկ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին ալ տրուեցաւ կարկանդակին այն բաժինը, որ միեւնոյն ժամանակ հեռու թէ փոքր շերտ մը ըլլալու կոչումէն, թէ ալ յիսուն առ հարիւրի հասնելու …«մեծ շերտ»-էն:

Մնացեալներուն մասին անտեղի է վերլուծումներ կատարելը: Նոյնիսկ աղմուկ ստեղծած մահափորձ մը` Պարոյր Հայրիկեանի դէմ, դրական ազդեցութիւն չունեցաւ, որ Ազգային ինքնորոշման միաւորման թեկնածուին քուէները բազմանան: Հաւանաբար տարօրինակ ու ժուժկալ ընտրարշաւի դիմած Անդրէաս Ղուկասեանի գործունէութեան ոճը աւելի արդիւնաբեր եղած էր: Ընտրութեան օրն իսկ աւարտելով քանի մը շաբթուան հացադուլը` ան չնչին տարբերութեամբ գերազանցեց այլ անյոյս թեկնածուներ:

Այսպէս` «ԴԷՊԻ ԱՊԱՀՈՎ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ» , սակայն հոս տեղին է հարցադրել թէ արդեօք ստեղծուա՞ծ է ժողովուրդի ազատ կամ արտայայտութեամբ իշխանութեան ձեւաւորումն ու փոփոխութիւնը երաշխաւորող ընտրական համակարգ ու դեռ, աւելին, իշխանութիւնները վերահսկելու եւ հակակշռելու նպատակով` օրէնքով երաշխաւորուած գործուն լծակներով օժտուած ընդդիմութի՞ւն:

19 փետրուար 2013

Նախորդը

Արդարութիւն Են Փնտռում Ազատութեան Հրապարկում. Դաշնակցութիւնը Եւս Միացաւ Ժողովրդին Ու Րաֆֆի Յովհաննէսեանին

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ Յաղթական. Ինթեր Միլան – Ա. Սէ. Միլան` 1-1. Պայէրն 6-1 Արդիւնքով Ջախջախեց Պրեմընը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.