Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 25-Ամեակ Եւ Փետրուարեան Ապստամբութեան 92-Ամեակ. Ազգային-Յեղափոխական Երգերով Երիտասարդութիւնը Վերանորոգեց Պայքարը Շարունակելու Իր Ուխտը

February 23, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախեան ազատագրական պայքարի 25-ամեակին եւ Փետրուարեան ապստամբութեան 92-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 22 փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերու փառատօն` ներկայութեամբ հարիւրաւոր երիտասարդներու եւ պատանիներու:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սեւակ Արոյեան, որ նշեց, թէ երիտասարդութիւնը Արցախի հարցին գծով պէտք է իր միասնակամ «ոչ»-ը ըսէ բոլոր տեսակի փոխզիջումներուն, որովհետեւ Վիգէն Զաքարեանի եւ Մհեր Ջուլհաճեանի նման ԼԵՄ-ական հերոսներու արեամբ ազատագրուած Արցախի սուրբ հողը ծախու չէ, քանի որ մեր հողն է, եւ քանի որ մենք արիւն վճարած ենք: Արոյեան հաստատեց, որ ազգային յեղափոխական երգերու երեկոն Փետրուարեան ապստամբութեան կամքին եւ Արցախեան յաղթանակի ուխտին վերանորոգման առիթ մըն է` հաւատքով եւ վճռակամութեամբ շարունակելու պայքարի եւ պահանջատիրութեան սրբազան երթը:

Ապա ելոյթ ունեցան լիբանանահայ երիտասարդ երգիչներ Լուսին Տեմիրճեան, Ալիս Իփրաճեան, Սերոբ Յակոբեան եւ Յարութ Լափաճեան, որոնք ազգային-յեղափոխական երգերով ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն եւ ազգային մթնոլորտ: Երգիչներուն կ՛ընկերակցէր Սեդօ Պաղտասարեան եւ իր նուագախումբը: Փառատօնը սկսաւ «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» երգին հաւաքական կատարումով:

Անոնք երգեցին «Ով հայ մայրեր», «Հայոց աշխարհ», «Ելէք հայեր», «Հայոց լեռներ», «Կարօտի յիշատակին», «Գնա՛ ու կռուի՛ր», «Զարթի՛ր որդեակ», «Ղարաբաղ» եւ այլ երգեր: Երգահանդէսին ընթացքին ցուցադրուեցան Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած վաւերագրական տեսերիզներ:

Ազգային-յեղափոխական երգերու փառատօնը փակուեցաւ Լուսին Տեմիրճեանի, Ալիս Իփրաճեանի, Սերոբ Յակոբեանի եւ Յարութ Լափաճեանի կողմէ «Արիւնոտ դրօշ»-ի միացեալ կատարումով:

Նախորդը

«Թեաթրոն» Թատերախումբ. «Եալլա Շապապ, Ներկայացումը Պիտի Սկսի» Թատերախաղի Ներկայացում

Յաջորդը

Հրայր Եւ Մակի Սողոմոնեաններ Մէկուկէս Միլիոն Տոլար Կը Նուիրեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան` Ստանձնելով Պիքֆայայի Վանքին Մէջ Միաբանական Նոր Շէնքի Կառուցման Բարերարութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.