Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Շնորհաւորական Գիրը` Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանին

February 20, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերընտրութեան առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց անոր:

Նորին Վսեմութիւն
Տիար Սերժ Սարգսեան
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան

Վսեմաշո՛ւք պրն. նախագահ,

Անհուն ուրախութեամբ կ՛ողջունենք ձեր վերընտրութիւնը` իբրեւ նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան: Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ձեզ, հայրենի մեր սիրելի զաւակներուն ձեր անձին նկատմամբ ցուցաբերած այս վստահութեան համար:

Արդարեւ, ձեր նախագահութեան առաջին շրջանին, հակառակ Հայաստանի դիմագրաւած ներքին թէ արտաքին բազմաթիւ դժուարութիւններուն, դուք յաջողեցաք ձեր տքնաջան աշխատանքով, ամուր վճռակամութեամբ ու ճկուն քաղաքականութեամբ ո՛չ միայն շրջանցել շարք մը դժուարութիւններ, այլ նաեւ կարեւոր իրագործումներով հարստացնել մեր հայրենիքի արդի պատմութիւնը: Վստահ ենք, որ ձեր նախագահութեան երկրորդ շրջանին եւս պիտի ջանաք լաւագոյնս արդարացնել մեր ժողովուրդին արտայայտած վստահութիւնը` առաւել նախանձախնդրութեամբ ու ամբողջական յանձնառութեամբ կատարելով ձեզի վստահուած առաքելութիւնը:

Այս առիթով անգամ մը եւս կը վստահեցնենք ձեզ, որ մենք անձնապէս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ զօրավիգ ու քաջալեր պիտի հանդիսանանք ձեզի` ի խնդիր Հայաստանի պետութեան հզօրացման, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առաւել սերտացման, Հայաստանի յարատեւ բարգաւաճման եւ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման:

Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ ձեզի պարգեւէ քաջառողջ կեանք, ամուր հաւատք ու աննկուն կամք:

Հայրապետական օրհնութեամբ,
Աղօթարար`

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Նախորդը

Նշմար. Ոչ Մրցակցային Եւ Մթագնած Ընտրութիւն

Յաջորդը

Միջազգային Լրատուամիջոցներ Հայաստանի Նախագահական Ընտրութեան Մասին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.