Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մեծ Պահքին Մէջ Մեր Ապրելակերպին Համար…

February 18, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, այսօրը` «Ա. կիրակի քառասնորդաց». ուստի, վաղը կը սկսինք Մեծ պահքը, որ կը կազմէ «աղուհացից» քառասնօրեայ ժամանակաշրջանը:

Ս. պատարագին կարդացինք առաջին աւետարանիչէն` Ս. Մատթէոսէն այն հատուածը (Մտթ. 6,1-21), զոր մեր Եկեղեցիին հայրապետները եւ սուրբ հայրերն որոշեցին իբրեւ նախամուտ Մեծ պահքին:

Հատուածին մէջ մեզի կը փոխանցուին մեր Աստուածային Վարդապետին` Յիսուս Քրիստոսի հրահանգներն ու ցուցմունքները, որոնք պիտի պարունակեն, ներկայիս բացատրութեամբ, ծրագիրը կամ օրակարգը Մեծ պահքին մէջ մեր ապրելակերպին:

Հոս, Յիսուս ոչ միայն կ՛ապացուցանէ իր աստուածութիւնը, այլ նաեւ կը ներկայանայ իբրեւ մեծագոյն Տիեզերասէրն ու Տիեզերականը, Մարդասէրն ու Մարդկայնականը, Ընկերաբանն ու Հոգեճանաչը, որուն խօսքերը աննախընթաց, անկրկնելի, անկորնչելի եւ անյետսկոչելի են բոլոր ժամանակներուն մէջ, բոլոր մարդերուն համար:

Քաղե՛նք դասեր Քրիստոս Աստուածամարդէն, որուն միակ մտահոգութիւնն էր բարիքը, երջանկութիւնը, անմահութիւնը իւրաքանչիւր մարդուն: Ուրեմն նաեւ` հայերուս: Այսօրուան համար տրուած դասերը տասն են լոկ: Զանոնք սորվի՛նք եւ գործադրե՛նք:

Թիւ մէկ դասն է: Մեր ողորմութեան գործերն ու մեր ողորմածութեան արարքները չկատարենք «ի ցոյց մարդերուն» եւ ոչ ալ «անոնց ուշադրութիւնը» գրաւելու, այլ` միայն Աստուծոյ հաճելի ըլլալու եւ «ընկերոջ» օգնելու համար:

Ողորմած անձը գթացող է եւ բարեգութ է ոչ միայն երբ դրամով կամ նիւթականով կ՛օգնէ աղքատին, այլ նաեւ ու մանաւանդ երբ հիւանդի մը կ՛այցելէ, առանձնակեաց ծերունի մը կը խնամէ, անկար տարեցի մը կ՛օգնէ, չքաւոր աշակերտի մը ուսումը կը հովանաւորէ ու կարօտ ուսանողի մը նեցուկ կը կանգնի, ինչպէս ալ բարեսիրական հիմնարկի, եկեղեցական հաստատութեան, ազգային մարմինի ու համայնքային միութեան մը կամաւորապէս կը ծառայէ:

Հէ՜յ, այսպիսի՛ ողորմած անձ մը, որ այսպէ՛ս գթացող է եւ այսպէ՛ս բարեգութ է, չի խօսիր իր ըրածներուն մասին եւ չի թմբկահարեր իր գործերն ընտանիքին, միութեան, շրջապատին, համայնքին եւ եկեղեցիին մէջ, քանի երբեք չ՛ուզեր «մարդերէն գովասանք առնել», այլ կ՛ակնկալէ «ամէն վարձատրութիւն» այն «Հօր»-մէն լոկ, որ «երկինքն է», «կը տեսնէ գաղտնին» եւ «պիտի վարձատրէ յայտնապէս»:

Թիւ երկու դասն է: Աղօթքը երկարաբանութիւն կամ շատախօսութիւն չէ, այլ աղօթքը ջերմեռանդ սրտին, ամփոփ մտքին եւ երկիւղած մարմնին արտաքին ու ներքին արտայայտութիւնն է, տեւէ ու տենչայ երկարել, որքան կ՛ուզէ, միայն թէ «հոն ներկայ» ըլլայ երկնաւոր «Հայրդ, որ կը տեսնէ ամէն գաղտնիք» եւ «քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս»:

Թիւ երեք դասն է` «Երբ աղօթէք, մի՛ նմանիք կեղծաւորներուն, որոնք կը սիրեն կանգնիլ ժողովարաններուն մէջ կամ հրապարակներուն վրայ, որպէսզի տեսնուին»: Զգո՛ւշ: Ամէն տեսակի կեղծիքը, կեղծաւորութիւնը եւ ինքնաշպարումն ատելի են Աստուծոյ, որ խորապէ՛ս եւ իրապէ՛ս կը ճանչնայ մարդը:

Թիւ չորս դասն է` «Երբ աղօթէք, մի՛ շատախօսէք հեթանոսներուն պէս, որոնք կը կարծեն, թէ շատ խօսելով` պիտի ունենան լաւ ունկնդրութիւն մը»: Զգո՛ւշ: Աղօթքի ատեն չերկարենք մեր աղաչանքներն ու չմանրամասնենք մեր խնդրանքները, որովհետեւ, ինչպէս Յիսուս մեզի կը վստահեցնէ ստուգապէս, «ձեր Հայրը գիտէ ձեր կարիքը»:

Թիւ հինգ դաս: Տէր Յիսուս Վարդապետին սորվեցուցած աղօթքին, որ ասոր համար կը կոչուի «Տէրունական աղօթք», այսինքն` «Հայր մեր»-ին գրաբար բնագիրը ուղիղ գիտե՞ն բոլորը: Շատ կը ցաւիմ ըսելու, թէ կը կասկածիմ: Քննութիւնը սկսինք մեր շրջապատէն եւ պիտի մատնուինք թէ՛ հիասթափումի ու թէ՛ ահուդողի: Մեր կրօնին ամէնէն տարրական եւ առաջին աղօթքը, իր ամբողջութեան մէջ ու ճիշդ բառերով, դեռ կը մնայ անծանօթ մեր կնքեալներուն եւ հայ մեռոնուածներուն:

Թիւ վեց դաս: Շատ յստակ են աստուածային սահմանումը մարդկային մտածումին եւ աստուածային հրահանգը մարդկային գործադրումին համար. «Եթէ դուք ներէք մարդերու յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի: Իսկ եթէ դուք չներէք մարդերուն, Երկնաւոր Հայրն ալ պիտի չներէ ձեզի` ձեր յանցանքները» (Մտթ. 6,14-15):

Ուրեմն, ներէ՛, որ ներուիս: Ներողամիտ եղի՛ր, որ գտնես ներողամտութիւն: Հոս չկայ եւ չի կրնար ըլլալ բառերու որեւէ խաղ մը. այո՛, տեղ չկայ ու չի կրնար ըլլալ ո՛չ մէկ բառախաղի եւ ո՛չ մէկ «բայց»-ի, «եթէ»-ի ու «պայմանով, որ»-ի, որոնց ժխտական ու վնասակար ապրելակերպին դիմաց կը յիշեցնեմ, թէ խաչափայտէն կախուած Աստուածամարդը ներեց զինք չարչարողներուն եւ խաչահանողներուն…

Թիւ եօթը դաս: Ծոմ պահել ոչ միայն քառասնորդացին, այլ նաեւ` ամբողջ տարիին ընթացքին. այսինքն` գիտակից հաւատքով երբեմն-երբեմն որոշ պահեր մնալ անօթի ու ծարաւի` իբրեւ քաւութիւն մեղքերուն եւ անարդարութիւններուն` գործուած մեզմէ եւ ուրիշներէ:

Թիւ ութ դաս: Պահք ընել եւ ստէպ ընելու է` ինքզինք զրկելով միսէն, ծխախոտէն, նախընտրած ըմպելիքէն ու կերակուրէն, եւ այն` գործօն սիրով Աստուծոյ համար եւ իբրեւ զոհաբերում աշխարհին խաղաղութեան ու անձին յաւերժական ուրախութեան ի խնդիր:

Թիւ ինն դաս: Ծոմակեցութեանդ ու պահեցողութեանդ մասին մի՛ խօսիր եւ մի՛ մթագներ քու դէմքդ, այլ` «բուրումնաւետէ՛ գլուխդ, լուա՛ երեսդ, որպէսզի ծոմդ կամ պահքդ երեւնայ ո՛չ թէ մարդերուն, այլ Հօրդ` ծածուկ. եւ Հայրդ, որ ծածուկը կը տեսնէ, պիտի վարձատրէ քեզ»:

Թիւ տասը դաս: «Ուր գանձդ է, հոն է նաեւ սի՛րտդ» (Մտթ. 6,21): Քեզի ձգուած է ընտրանքը: Կա՛մ կը դիզես «գանձեր երկրին վրայ», զորս «ցեցն եւ որդը կը կրծեն, ուր գողերը կը գողնան…»: Կա՛մ կը հաւաքես «գանձեր երկինքին մէջ, ուր չկան ցեցն ու որդը, որ կրծեն, ինչպէս ալ չկայ գող, որ գողնայ», այլ կը մնան քեզի համար ու սրտիդ մէջ…

 

Այնճար, 10 փետրուար 2013

Նախորդը

Երիտասարդական Ոսպնեակ. Համաժողովրդային Պոռթկումի Փետրուարեան Տարբերակը (18 Փետրուար 1921)

Յաջորդը

Քուէարկութիւն, Այլ Ոչ Թէ Ընտրութիւն Ապահով Հայաստան, Բայց Ոչ Միայն Իշխող Վերնախաւի Համար

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.