Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՏՕՆԸ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»ԻՆ ՄԷՋ

May 12, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

5 մայիս 2011. «Թռչնոց բոյն»ի Տիկնանց վարչութիւնը մեզ հրաւիրած է «Թռչնոց բոյն»՝ Մայրերու օրը տօնելու: Հինգշաբթի, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-էն սկսեալ, «Բոյն» կը ժամանեն յատուկ հանրակառքերով Պէյրութէն ճամբայ ելած հրաւիրեալներ: Ներկայ են արդէն հաստատութեան ընդարձակ սեղանատուն-սրահին մէջ լիբանանահայ եկեղեցասիրաց տիկնանց վարչութիւններ, մեր վարժարաններուն շուրջ համախմբուած տիկնանց, ԼՕԽ-ի, բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւններու վարչութիւնները ներկայացնող անդամուհիներ, հիւրեր:

Օրուան նախագահուհին է ազնուափայլ տիկին Ոսկի Կերեքմեզեան: Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէ եւ ներկայ է «Թռչնոց բոյն»ի հոգեւոր տեսուչ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, հաստատութեան տնօրէն` Սամուէլ Պոյաճեան, խնամակալութեան ատենապետուհի Սեդա Խտըշեան:

Սեղանները պատրաստ են, իւրաքանչիւր ներկայ, մայր կամ հանդիսական, կը ստանայ փոքր թաղար մը` ծաղկած գարնանային գունագեղ ծաղիկներով, տրամադրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ծաղկանոցէն: Մթնոլորտը աւելի քան ծաղկուն է: Իրարու կը հանդիպին մայրաքաղաքի զանազան շրջաններէն եկած բարեկամ ու ծանօթ հայուհիներ: Եկած են իրենց բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը շնորհելու մեր լքեալ կամ կարիքաւոր մանուկներուն:

Գրիգոր հայր սուրբին աղօթքով ներկաները կը հրաւիրուին ճաշելու:

«Թռչնոց բոյն»ի վարչութեան անունով հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը ներկայացուց Ազատուհի Խանզատեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հոծ բազմութեամբ հրաւէրին ընդառաջ մայրերուն, ապա յայտնեց մեզմէ իւրաքանչիւրին բերելիք օժանդակութիւնը, որպէսզի օգտակար ըլլանք մեր ազգի կարօտեալներուն, ճակատագրի կամ ընկերային դժբախտ կացութիւններու զոհը դարձած երեխաներու:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ դասական երգերու մեկնաբան Գէորգ Պեպեճեանի, ժողովրդային երգչուհի Անայիս Նանեճեան-Կետիկեանի, որոնք ներկայացուցին մայրերու նուիրուած, նաեւ` ժողովրդային, հայրենասիրական երգեր:

«Թռչնոց բոյն»ի աշակերտներ իրենց կարգին ներկայացուցին պարեր` առաջնորդութեամբ պարուսոյց Հուրի Գալայճեանի: Անոնք կատարեցին նաեւ հայերէն եւ արաբերէն երգ ու արտասանութիւն` արժանանալով ներկաներուն ջերմ ծափերուն:

«Բոյն»ին պաշտօնէութեան եւ Տիկնանց վարչութեան ջանքերով հաստատութեան խոհանոցին մէջ պատրաստուած համեղ ճաշերով հիւրասիրուեցան ներկաները: Օրուան պատգամը փոխանցեց Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, որ անդրադարձաւ մայրութեան առաքելութեան, որ գերագոյն եւ նուիրական առաքելութիւն մըն է ընտանիքին կեանքը լաւագոյնս դասաւորելու: Ան ըսաւ, թէ մեր մայրերը նուիրուած են իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան` ամենայն սրտակցութեամբ եւ սիրով: Այսուհանդերձ, դժբախտութիւն է տեսնել նաեւ իրենց պարտականութեան մէջ թերացած մայրեր, ինչպէս որ վարդը ունի նաեւ իր փուշը: Ան օրինակներ բերաւ հաստատութեան առօրեայէն, խնամատարութեան յանձնուած նոյնիսկ ծծկեր երեխաներու վիճակէն, որոնք ունին մայրեր, բայց հեռացած են տունէն` երեսի վրայ լքելով իրենց հարազատ ծնունդները: «Այս երեւոյթներէն պէտք է հեռու մնանք,- ըսաւ հայր սուրբը,- որպէսզի անարատ եւ ծաղկուն մնայ հայ ընտանիքը»:

Ուրախ մթնոլորտի մէջ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ` յօգուտ հաստատութեան: Կատարուեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն, բախտաւորներ ունեցան նուէրներ:

Տարին մէկ անգամ տեղի ունեցած Մայրերու օրուան տօնակատարութիւնը հոգեկան ուրախութիւն ներշնչեց ներկաներուն, որոնք իրենց գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեցին կազմակերպիչներուն:

Նախորդը

ԳԱՂՈՒԹԷ – ԳԱՂՈՒԹ

Յաջորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ. ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՕՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.