Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարեկան Երիտասարդ «Բագին»ը. Յարատեւ Կենսունակութիւն Յիսնամեայ «Բագին»ին

February 16, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայ գրականութեան անդաստանին մէջ իր ուրոյն դերն ու արժէքը ունեցած «Բագին»ը նշեց իր հիմնադրութեան 50-ամեակը:
«Բագին»ի հոկտեմբեր, նոյեմբեր, դեկտեմբեր 2012-ի թիւը նուիրուեցաւ այս առիթին: Կը ներկայացնենք այդ բացառիկին մէջ տեղ գտած գրութիւններէն քանի մը հատը:
Կողքի ձեւաւորում` Ռոստոմ Գույումճեանի

2012 տարին հայ գիրի ու գրականութեան համար հանդիսացաւ յատկանշական իրադարձութիւններու տարի մը: Քաղաքամայր Երեւանը ԵՈՒՆԵՍՔՈՅի կողմէ հռչակուեցաւ «Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք», հայ տպագրութեան նախակարապետ Յակոբ Մեղապարտի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած հայ տպագրութիւնը տօնեց իր 500-ամեակը իսկ «Բագին»ը թեւակոխեց իր յիսուներորդ տարին:

1962 Յունուարին հոյլ մը երիտասարդ ու գրասէր մտաւորականներու համատեղ ճիգերով Պէյրութի մէջ լոյս կը տեսնէր «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի ամսագրի  անդրանիկ թիւը:  Համասփիւռքեան գրական  բեմ մը ստեղծելու եւ իրենց շուրջ գրասէր երիտասարդներ համախմբելու ճիգին մէջ, Հայ գիրի ու գրականութեան նուիրուած այդ երիտասարդները հաւանաբար չէին մտածած,  թէ նորաստեղծ թերթը պիտի գոյատեւէր աւելի քան կէս դար: «Բագին»ը գոյատեւեց եւ յաջողեցաւ հանդիսանալ սփիւռքահայ գրագէտին, գրականագէտին եւ արուեստագէտին ստեղծագործական թափը քաջալերող ազդակ: «Բագին»ը նաեւ կրցաւ հանդիսանալ Խորհրդային Հայաստանի մտաւորականութեան Սփիւռքի խօսքը եւ մտածումները փոխանցող գրական-մտաւորական բեմ: Իսկ երբ համասփիւռքեան իրավիճակով  սկսած «Բագին»ը Հայաստանի անկախացումէն ետք  դարձաւ նաեւ  համահայկական շնորհիւ  հայրենի գրողներու մեծ ներդրումին, հայրենին ու հայրենաբաղձը կամրջուեցան իրարու:

Կէս դարու գրական հսկայ ժառանգ մը կայ «Բագին»ի պատմական էջերուն մէջ. բազմատասնեակ հեղինակներ, բազմահարիւր գրական ստեղծագործութիւններ եւ բազմահազար էջեր կը կազմեն հայ գրականութեան արժէքաւոր գանձարան մը: Կ՛արժէ այստեղ փակագիծի մէջ նշել, որ ի մօտոյ Համազգայինի համացանցային կայքին վրայ տրամադրելի պիտի ըլլայ ամբողջական մատենագիտական ցանկը այդ պատկառելի ժառանգին:

«Բագին»ի գրական ժառանգը ոչ միայն պահելու, այլ նաեւ աւելի ուռճացնելու ու զայն ապագայ սերունդներուն փոխանցելու դժուարին պարտականութիւնը իր ուսերուն ունի «Բագին»ի այսօրուան ամբողջ ընտանիքը: Դժուարին` այո՛: Որովհետեւ եթէ արհեստագիտութեան ընձեռած պայմանները մէկ կողմէ դիւրութիւններ ընծայեցին ելեկտրոնային հրատարակութիւններու, ընթերցումներու եւ ընթերցողին շատ արագ հասնելու, միւս կողմէ սակայն տուին ծանր հարուած մը տպագիր հրատարակչութեան` հետզհետէ տկարացնելով թուղթ-գրիչ-ընթերցող եռեակ  հին մտերմութիւնը:

«Բագին» այսօր ամբողջացուցած է իր յիսնամեակը ու լաւատեսութեամբ կը նայի ապագային: Նոր մարտահրաւէրներ կան ցցուած իր դէմ, նոր հանգրուաններ կան նուաճելի ու նոր երազներ` իրականացնելիք: Այս բոլորը վստահաբար պիտի իրականացուին հայ գրականութեամբ ու մշակոյթով հետաքրքրուած անհատներու անշահախնդիր համագործակցութեամբ:

Վարձքը կատա՛ր «Բագին»ի  էջերուն վրայ տքնած ու աշխատած իւրաքանչիւր խմբագիրի ու աշխատակիցի:

Վարձքը կատա՛ր «Բագին»ի գոյերթին հաւատացած ու անոր վերելքին սատարած իւրաքանչիւր հայորդիի:

«Բագին»ի երթը պէ՛տք է շարունակուի: Պիտի՛ շարունակուի:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

«Բագին»Ի 50-ամեակ` 1600-ամեայ Հայ Գրականութեան Գիծին Վրայ

Յաջորդը

Քոնկ Ֆուի (Քինտա) Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Անթունիէ Հանդիսացաւ Առաջին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.