Լիբանանեան մարզական մամուլին յղած իր պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ «Պայք Ճենըրէյշըն» ընկերութիւնը յայտարարեց, որ հինգշաբթի, 21 փետրուարին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի պարգեւատրէ իր «Պայք Ճենըրէյշըն-Աթլեթիքօ» խումբը, որ Լիբանանի հեծելարշաւի ճամբու ախոյեան հանդիսացած էր:
Այս մամլոյ ասուլիսին պիտի ներկայացուի ընկերութեան խումբը, որ պիտի մասնակցի այս տարեշրջանի ախոյեանութեան:
Անիկա իր այս մամլոյ ասուլիսը պիտի տայ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ, երեկոյեան ժամը 20:30-ին:


