Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Կին Մը Կը Խծբծէ Տըլաքրուայի Մէկ Գլուխ Գործոցը

February 15, 2013
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄԱՐԴԻԿ ԿԸ ՍԻՐԵՆ ՇԵՓՈՐԵԼ ԴԱՒԱԴՐԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. ԱՅՆՔԱՆ, ՈՐ ԿԻՆ ՄԸ ԱՆՑԵԱԼ ՇԱԲԱԹ ՆՄԱՆ ՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԱԿՆԱՐԿՈՂ ԾԱԾԿԱԳԻՐ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԴՐՈՇՄԵՑ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՌԱԲԱՆՈՂ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻ ՄԸ ՎՐԱՅ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ»  ԵՒ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԵՆ.      

Ֆրանսայի ամէնէն աւելի պաշտելի գեղանկարներէն մէկը` Էօժէն Տըլաքրուայի «Ազատութիւնը կ՛առաջնորդէ ժողովուրդը» վիպապաշտ գեղանկարը խծբծուեցաւ կնոջ մը կողմէ, որ սեպտեմբեր 11-ի առնչուող  թիւերու եւ տառերու խորհրդաւոր պատկեր մը դրոշմեց անոր աջ անկիւնը:

Գեղանկարը մաս կը կազմէր Ֆրանսայի հիւսիսային Փա տը Քալէ շրջանին մէջ Լուվրի մէկ մասնաճիւղին կազմակերպած ցուցահանդէսին:

Ցուցահանդէսին ապահովութեան հսկող պահակները ձերբակալեցին 28 տարեկան կինը, որ դաւադրական տեսութիւններ խորհրդանշող  «AE911» արձանագրութիւնը ձգած էր պաստառին վրայ:

Լուվրի արուեստի գործերու պահպանութեան մասնագէտ մը յաջորդ օր մաքրեց սեւ հաստ մելանով արձանագրութիւնը, եւ պաստառը դարձեալ ցուցադրուեցաւ հանրութեան:

«AE911Truth» անունն է համացանցի վրայ «Արքիթեքց էնտ էնճընիրզ 9/11 թրութ» կազմակերպութեան կայքին, որ կը յայտարարէ, թէ 11 սեպտեմբեր 2001-ին Մանհաթընի եւ Ուաշինկթընի վրայ կատարուած յարձակումներուն պաշտօնական բացատրութիւնը կը քողարկէ ճշմարտութիւնը:

Կինը 25 սմ երկարութեամբ գրութիւնը արձանագրեց պաստառին մէջ զօրամասի մը վրայ յարձակող մանչուկի մը նկարին տակ: 1830-ին Փարիզի յեղափոխութեան տարին գծուած այս գեղանկարէն ներշնչուած` Վիքթոր Հիւկօ պիտի գրէր իր «Թշուառները», որ հրատարակուեցաւ 1862-ին: Հիւկօ նոյնինքն այս մանչուկին հետեւողութեամբ ստեղծած էր խանդավառ Կավրոշի տիպարը:

Լուվրի պատասխանատուները յայտարարեցին, թէ խծբծումը «մակերեսային» էր եւ երկու ժամուան մէջ արդէն մաքրուած էր վերանորոգութեան վարպետի մը կողմէ` առանց վնաս պատճառելու 187 տարուան վրձնահարուածներուն:

Շրջանին մէկ դատախազը` Ֆիլիփ Փէյրօ յայտարարեց. «Չենք գիտեր, թէ այս արարքը արդեօք ընդոստ մղումի՞ մը արդիւնք էր, թէ՞ զայն գործող անձը կ՛ուզէր քաղաքական հաստատում մը կատարել»:

Ձերբակալուած կինը կը մնայ անանուն: Փէյրօ «Ա. Էֆ. Փէ.»-ի յայտնած է, թէ ան «անհաւասարակշիռ» է եւ կը կրէ «ֆրանսական հնչող անուն մը»:

Սակայն ֆրանսական լրատուամիջոցներ կը մէջբերեն իրաւական անանուն աղբիւրներ, որոնց համաձայն, խծբծումը յստակ ակնարկութիւն մը կը պարունակէ սեպտեմբեր 11-ի յարձակումներուն դաւադրական տեսութիւններուն:

«Արքիթեքց էնտ էնճընիրզ 9/11 թրութ» կազմակերպութեան համաձայն, Նիւ Եորքի մէջ Աշխարհի առեւտուրի կեդրոնին զոյգ աշտարակները ռմբահարուած են 11 սեպտեմբեր 2001-ին, եւ ոչ թէ` Քայիտայի անդամներու կողմէ առեւանգուած ճամբորդատար օդանաւ մը հարուածած է զանոնք: Իբրեւ ապացոյց այս տեսութեան` կազմակերպութեան կայքը կը նշէ «անմիջական փլուզումը» եւ ենթադրաբար` «գետնայարկէն լսուած պայթումները», ինչպէս նաեւ` լրատուամիջոցներու, Նիւ Եորքի ոստիկանութեան եւ հրշէջներու «նախօրօք գիտակցութիւնը, թէ փլուզում մը տեղի պիտի ունենար»:

«Ազատութիւնը կ՛առաջնորդէ ժողովուրդը» գեղանկարը սովորաբար կը ցուցադրուի Փարիզի Լուվր թանգարանին մէջ: Անիկա այն «աստղերէն» մէկ է, որ փոխադրուած է հիւսիս` զարդարելու համար նախկին ածխահանքի մը` Լենսի մէջ Լուվրի մասնաճիւղին պատերը: Ցուցահանդէսին ծրագիրը կը միտի վերաշխուժացնել Ֆրանսայի տագնապահար շրջանները` անոնց հետ բաժնելով Լուվրի եւ Փարիզի այլ թանգարաններու արուեստի հսկայական հաւաքածոները:

Տըլաքրուայի գեղանկարը եւրոյի գործածութենէն առաջ պատկերուած էր 100 ֆրանքնոց թղթադրամին վրայ: Ենթադրաբար անկէ ներշնչուած է նաեւ Նիւ Եորքի մէջ Ազատութեան արձանին զետեղումը:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (15 Փետրուար 1963)

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Ինչո՞ւ Իսլամ Ծայրայեղականներ Կը Ձգտին Քանդել Մշակութային Հնութիւններ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.