Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայր Սանթորօ, Զիրվէ Հրատարակչատան Եւ… Հրանդ Տինքի Ոճիր. Բոլորն Ալ Նոյն Կառոյցին Կողմէ Սպաննուեցան

February 12, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս հաղորդած էինք, «Ակօս»-ի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցի սեմին, նախընթաց օր վճռաբեկ ատեանի աւագ դատախազը բեկանեց Պոլսոյ 14 թիւ դատարանին կողմէ արձակուած այն վճիռը, ըստ որուն, Հրանդ Տինքի ոճրագործները կազմակերպութեան մը չէին անդամակցեր: Պոլսոյ 14 թիւ դատարանը մերժած էր ընդունիլ, որ Հրանդ Տինք սպաննուած էր կազմակերպութեան մը հրահանգով ու ցուցմունքով, սակայն վճռաբեկ ատեանը հակառակ վճիռ մը արձակեց: Հիմա Պոլսոյ 14 թիւ դատարանը դատավարութեան փուլերուն պիտի վերանայի դատախազութեան այս վճիռին տեսանկիւնէն:

Երէկ, մեկնաբանելով վճռաբեկին որոշումը, Զիրվէ հրատարակչատան դատավարութեան փաստաբաններէն Էրտալ Տողան յայտարարեց, թէ հայր Սանթորօ, Հրանդ Տինք եւ Զիրվէ հրատարակչատան պատասխանատուները սպաննուած էին նոյն կառոյցին կողմէ, եւ այդ կառոյցը զինուորական յատուկ գրասենեակն է: Ըստ իրեն, այս սպանութիւնները ո՛չ թէ սովորական ահաբեկչական կազմակերպութեան մը, այլ կազմակերպեալ կառոյցի մը գործն էին:

Տինքի փաստաբաններէն Ֆեթհիյէ Չեթինն ալ այն տեսակէտը պաշտպանեց, թէ սպանութեան ծալքերը կը տանին դէպի Էրկենեքոն, բայց այնպէս կը թուի, թէ Էրկենեքոնէն ալ անդին զինուորական գաղտնի կազմակերպութիւն մը կայ:

«Ակօս»-ի հրատարակչական տնօրէն Ռոպեր Քոփթաշի խօսքերով, Հրանդ Տինք կազմակերպեալ ոճրի զոհ գացած է եւ վճռաբեկ ատեանի որոշումէն ետք այժմ նոր գործընթաց մը կը սկսի: Եթէ արդար, խղճամիտ եւ թափանցիկ հետաքննութիւն մը կատարուի, ապա սպանութեան ետին կանգնած բոլոր կապերը իրենց ամբողջ մերկութեամբ մէջտեղ պիտի ելլեն: Տինք սպաննուած էր կազմակերպութեան մը կողմէ, որուն պետական գործիչներ ալ մաս կը կազմէին:

«Ակօս»-ի հրատարակչական նախկին տնօրէն Էթիէն Մահչուպեանն ալ նշեց, որ վճռաբեկին որոշումը դատական նոր գործընթացի մը սկիզբը կը նշանակէ: «Ամէն մարդ ալ այն կարծիքը կը պաշտպանէ, թէ Էրկենեքոնի եւ Տինքի սպանութեան միջեւ կապեր կային: Թուրքիա բարեփոխումներու ալիքի մը սեմին է. Եւրոմիութեան հետ «ֆասըլ» կ՛ածէ, քրտական հարցի մէջ քայլեր կ՛առնուին, հետեւաբար «լաւ մաքրութեան» մը առիթը ներկայացած է եւ վճռաբեկ մարմինն ալ պէտք է գործածէ այս առիթը: Մէջտեղը սպանութիւն մը կայ: Այս սպանութեան դատավարութիւնը կրնար  վայրկենական փակուիլ, բայց չփակուեցաւ, որովհետեւ ծայրը միշտ բաց մնաց Էրկենեքոնի դատավարութեան զարգացումներուն լոյսին տակ: Տինքի դատավարութիւնը հինգ տարի ձգձգեց դատը, ու ի վերջոյ սպանութեան ետին կազմակերպութիւն մը չկայ ըսելով` վճիռ արձակեց: Գլխաւոր դատախազի այն խօսքերը, թէ` «Տինք սպաննուած էր պարզապէս այլ կրօնի մը եւ այլ ազգի մը պատկանած ըլլալու համար», արդէն իսկ ցոյց կու տան, որ սպանութիւնը Էրկենեքոնի մէկ մասնիկն է», ըսաւ Մահչուպեան:

«Թարաֆ» թերթի լրագրողներէն Ալփեր Կէօրմիւշն ալ դիտել տուաւ, որ վճռաբեկ ատեանին որոշումով առիթ կը ներկայանայ սրբագրել դատարանին վճիռը: Նոր որոշումով դատական համակարգի վրայէն ալ ամօթի մեծ բաժին մը վերցուեցաւ: «Ես բացէ ի բաց կը յայտարարեմ` Տինք սպաննուած էր պետութեան պատուէրով», ըսաւ Կէօրմիւշ:

Նախորդը

Համաթրքութիւնը. Անցեալը, Ներկան, Ապագան. Երկու Խօսք Ստորեւ Ներկայացուող Յօդուածի Կապակցութեամբ

Յաջորդը

Ահմեթ Հաքանի Ակնարկը Հրանդ Տինքի Կապակցութեամբ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.