Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդան Պետրոսեան` Ողբերգութիւնը Երգիծանքով Մատուցող Տաղանդը

February 11, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդկային ամէնէն նուրբ կացութիւններն ու զգացումները, Հայաստանի քաղաքական, ընկերային եւ ապահովական բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ պատկերները, յատկապէս տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ու կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող, շաբաթ, 9 եւ կիրակի, 10 փետրուարին «տողանցեցին» «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` տաղանդաւոր մենակատար Վարդան Պետրոսեանի ընդմէջէն:

Շուրջ 2 ժամ տեւած «Պարոնայք 50/50» մենակատարութիւնը կը ներկայացնէ մեր առօրեան, ինչպէս նաեւ կը խորհրդանշէ 50/50 խմիչքի բաժակները, որոնց կարիքը մեծապէս կը զգացուի երբեմն, երբ մարդկային պարզ տրամաբանութեամբ կարելի չէ ընկալել տեղի ունեցած անարդարութիւնը, խտրականութիւնը, անմարդկայնութիւնը:

Վ. Պետրոսեան լիբանանահայ հանդիսատեսին դիմաց պարզեց Հայաստանի ներկայ իրավիճակին խճանկարը, ուր կան համայն հայութիւնը յուզող ու մտահոգող երեւոյթներ, որոնք թէեւ ցաւալի եւ տխրութիւն առթող են յաճախ, սակայն մենակատարը վարպետօրէն կրցաւ զանոնք ներկայացնել պատշաճ, ուշիմ եւ հաճելի երգիծանքով: Իւրայատուկ էր Վ. Պետրոսեանի կապկելու վարպետութիւնը, որ մեծ խանդավառութիւն պատճառեց հանդիսատեսին, որովհետեւ ան ո՛չ միայն կրցաւ կապկել Հայաստանի քաղաքական գործիչներուն արտաքին տեսքն ու խօսելաոճը, այլ նաեւ մարմնաւորեց անոնց մտածելակերպն ու հոգեկան աշխարհը: Մենակատարը յատկապէս ծանրացաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ, որոնք մակերեսայնութեամբ եւ անարդարութեամբ պատուած էին, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ կայանալիք նախագահական ընտրութիւնները, ընտրակաշառքի տիրական ներկայութիւնը, քաղաքացիներուն պարզած մտահոգիչ պատկերը` հակառակ տիրող իրավիճակին յոյս յայտնելով, որ կարելի ըլլայ դրական ելք մը գտնել այս բոլորին:

Իր մենաներկայացումով Վարդան Պետրոսեան նաեւ անդրադարձաւ մարդկային տարբեր կացութիւններու, զգացումներու, իղձերու, ազատութիւններու, անձնական կեանքի վերաբերող տարբեր ծալքերու, որոնց միջամուխ ըլլալու փորձեր կը կատարուին միշտ, երբ մարդիկ կը սիրեն դատել ուրիշը` մոռնալով իրենց թերութիւնները կամ սխալները:

Հանդիսատեսներուն ուշադրութիւնը ամբողջովին խլելու կարողականութեամբ եւ իր հեղինակած մենաներկայացումին ընթացքին տաղանդաւորի իսկական պատմուճանը կրող Վարդան Պետրոսեան իր զոյգ ելոյթներուն ընթացքին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»¬ը լեցուցած արուեստասէրներուն ներկայացուց այնպիսի պատկերներ ու կացութիւններ, որոնք իրականութեամբ, պատգամով եւ սլաքներով լի ըլլալու կողքին, նաեւ ներկաները կը մղէին մտածելու եւ վերլուծելու հրամցուածը:

 

Նախորդը

Կրօնական Զբօսաշրջութեան Եւ Ուխտի Աճման Միութեան Ժողով` Զմմառու Վանքի Մշակութային Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդը

Ակնարկ. Համաքրիստոնէական Պատգամ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.