PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ կռփամարտիկ Արտ Յովհաննիսեան, գերկիսաթեթեւ դասակարգին մէջ յառաջիկայ 22 փետրուարին պիտի մենամարտի Ալեխանտրօ Փերեսի (Միացեալ Նահանգներու) դէմ: 10 ռաունտնոց այս հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ «Մորոնկօ Քազինօ»-ին մէջ:
Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Յովհաննիսեան կատարած է 17 մենամարտ: Ան յաղթած է 15 անգամ, իսկ 2 անգամ ալ հաւասարութիւն արձանագրած է: Իսկ Փերես, որ կատարած է 20 ճակատում, արձանագրած է 16 յաղթանակ, 1 հաւասարութիւն եւ կրած 3 պարտութիւն:


