Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոչ Լիբանանի Հայութեան

February 7, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 7 փետրուար 2013-ին, հայ ժողովուրդը միահամուռ կը տօնախմբէ Վարդանանց հերոսամարտը:

Հազար հինգ հարիւր վաթսուն եւ երկու տարիներու հեռաւորութեան վրայ դիտած Վարդանանց հերոսամարտի ոգեկոչումը ապացոյց է հայոց պատմութեան այս անկիւնադարձային ազգակերտ դէպքին բովանդակած պատգամին անժամանցելիութեան:

Հայոց պատմութեան իւրաքանչիւր շրջան թէ հանգրուան իրեն յատուկ պարտաւորեցուցիչ պարագաները եւ պահանջները ունեցած է: Այդ բոլորին մէջ, Վարդանանց հերոսամարտը միշտ ալ մնացած է այժմէական եւ ընկերակցած է հայ ժողովուրդին` իր պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն:

Այսօր ալ, Վարդանանց հերոսամարտի պատգամը նոյնքան այժմէական է հայկական մեր առօրեային համար եւ հրամայական անհրաժեշտութիւն մը, որ ոչ թէ իբրեւ պարտաւորութիւն մը կ՛ընդունինք, այլ պատմական թանկագին աւանդ մը, որ մեզի կու տայ հաւաքական ուժը եւ կորովը, շրջահայեացութիւնն ու կարելիութիւնը` զգետնելու մեր հաւաքական գոյութեան դէմ  բարձրացող բոլոր վտանգները:

Այդ հաւաքական ուժին մէկ գեղեցիկ դրսեւորումն է, որ ամէն տարի Սրբոց Վարդանանց տօնին հայութիւնը Լիբանանի մէջ` յարգելով այս ազգային տօնը, այս տարի եւս հայկական բոլոր խանութները, վաճառատուները եւ գործատեղիներն ու գրասենեակները փակ մնան եւ խուռներամ բազմութեամբ իբրեւ միահամուռ հաւաքականութիւն  արժանաւորապէս պանծացնենք Սրբոց Վարդանանց  տօնին առիթով տեղի ունեցող եկեղեցական արարողութիւններն ու հանդիսութիւնները:

ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

 

Նախորդը

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.