Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լ՛ՕՐԻԱՆ ԼԸ ԺՈՒՐ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ

May 11, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ֆրանսատառ «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» օրաթերթը իր երկուշաբթի, 9 մայիսի թիւի «Միջազգային թղթածրար» էջով կ՛անդրադառնայ արաբական աշխարհի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան: Օրաթերթը նախ եւ առաջ կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 3 մայիսին Պէյրութի մէջ  Քառնըկի հիմնարկի Միջին Արեւելքի կեդրոնի, Հայնրիխ Պէօլը հիմնարկի եւ Թրքանան ընկերային եւ տնտեսական ուսումնասիրութեանց կեդրոնի (Թեսեւ) կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին խումբ մը վերլուծաբաններ ջանացած են պատասխանել Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն Անգարայի դերակատարութեան վրայ ունենալիք ազդեցութեան վերաբերող հարցերու:

Ապա օրաթերթը յաջորդաբար կը ներկայացնէ այդ խորհրդաժողովին վերաբերող թղթակցութիւն մը եւ լուսաբանական յօդուած մը:

Սոնիա Մտաուար թղթակցութեան մէջ  խորհրդաժողովին մասնակիցներուն կարծիքները ամփոփելով կը յայտնէ, որ արաբական նոր ժողովրդավարութիւններու յայտնուիլը կրնայ քաղաքականապէս տկարացնել Թուրքիան, սակայն ոչ տնտեսապէս:

Քարին Ժամմալ խորհրդաժողովը լուսաբանող իր յօդուածին մէջ կը նշէ, որ «եթէ Անգարա կրնայ մրցակցային քաղաքական թատերաբեմ մը ըլլալով պարծենալ, ան սեռերու հաւասարութեան, կրօնական ազատութիւններու կամ մինչեւ իսկ ընտրական օրէնքի կարգ մը երեսներուն մէջ կը մեղանչէ»:

Օրաթերթը ապա կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ նկատմամբ կեցուածքին մասին 2010-ին Թեսեւի կատարած հարցախոյզը, ըստ որուն արաբական աշխարհի 80 առ հարիւրը «կը սիրէ» Թուրքիան: Ինչ որ 2009-ի նմանօրինակ հարցախոյզի մը արդիւնքին համեմատ 5 առ հարիւր աւելի է: Հարցախոյզին մասնակիցներուն 75 առ հարիւրին կարծիքով, Թուրքիան Միջին Արեւելքի վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի, իսկ 78 առ հարիւրը կը փափաքի, որ Անգարա շրջանին մէջ աւելի մեծ դերակատարութիւն ունենայ:

Նշենք, որ «Ազդակ» հետագային պիտի անդրադառնայ «Լ՛Օրիան Լը Ժուրի» 9-րդ էջին վրայ լոյս տեսած այս թղթածրարին:

 

 

Նախորդը

Ա՜Ա՜Ա՜Ա՜Ա՜Ա՜Ա՜Խ, ԵԱ ԼՈՒՊՆԱ՛Ն

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԵՒ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.