Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւելի Քան 1500 Հայորդիներու Ներկայութեան Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ 122-ամեակի Տօնակատարութիւնը

February 7, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 27 յունուարին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Կլենտէյլ հայ սքուլ»-ի հանդիսասրահ եկած էին աւելի քան 1500 հայորդիներ` մասնակցելու համար ՀՅԴ 122-ամեակի տօնակատարութեան: Բազմաթիւ էր նաեւ թիւը անոնց, որոնք չկարենալով իրենց ինքնաշարժներուն տեղ գտնել սրահին մօտակայքը` ստիպուած եղան տուն վերադառնալու: Ներկաներու շարքին էին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, շրջանի հայ համայնքի բոլոր յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդները եւ քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով` ՀՅԴ Պատանեկան ուխտերու անդամներէ կազմուած երգչախումբին կողմէ, Միքայէլ Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ: Պաշտօնական յայտագիրի բացումը կատարեց շրջանի մտաւորականներէն` մանկավարժ ու հրապարակագիր Սարօ Նազարեանը:

Բեմի յարդարումը բաւական իւրօրինակ էր այս տարի: Ժամանակակից արհեստագիտութեան միջոցներու օգտագործումով ներկայացուեցան ՀՅԴ-ի պատմութենէն յատկանշական դրուագներ:

Խօսքով հանդէս եկաւ Բալաբէկ Պարսամեան, որ անդրադարձաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմական դերակատարութեան, մատնանշեց կուսակցութեան գործունէութեան կարեւոր հանգրուանները` հասնելով մինչեւ մեր ժամանակները:

Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան խօսքը երկու լեզուներով փոխանցեց Րաֆֆի Ուրֆալի: Ան արտայայտեց երիտասարդութեան վճռակամութիւնն ու յանձնառութիւնը` շարունակելու Հայ դատի աշխատանքները, պայքարելու սպիտակ ջարդին դէմ եւ մշակելու նորանոր ծրագիրներ` հայրենիքին աջակցելու համար:

Գեղարուեստական ծրագիրով հանդէս եկան Համազգայինի Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը, երգիչներ Քրիստափոր Արապեան, Տօննէ եւ Արաքսիա Վարդերեսեան: Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Զուարթնոց» պարախումբին ելոյթով, որ շարունակուեցաւ սրահէն դուրս:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին երեսփոխան, Համազգայինի մշակութային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան:

ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի պատգամը փոխանցեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան:

Նախորդը

Լիլիթ Գալստեանի Ելոյթը` ՀՅԴ 122-ամեակի Տօնակատարութեան Ձեռնարկին

Յաջորդը

Վարդանանց Մը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.