Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Վարժարանի 825 Աշակերտներու 650 Ընտանիքները Օրական Դրութեամբ Կը Ստանան «Ազդակ» Օրաթերթ

February 6, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ գրատպութեան  500-ամեակի, քրիստոնէութեան եւ հայրենիքի գերագոյն զոհաբերութեան խորհրդանիշ Վարդանանց ճակատամարտի եւ Արցախեան փառապանծ յաղթանակի 25-ամեակի առիթներուն սեմին, հայ աշակերտին հայ մամուլը հասանելի դարձնելու եւ արեւմտահայերէն ընթերցանութիւնը քաջալերելու մեկնակէտով, ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ այսուհետեւ մեսրոպեանական աշակերտները ամէնօրեայ դրութեամբ եւ ձրիաբար կը ստանան 10 էջ արեւմտահայերէնով խմբագրուած «Ազդակ» օրաթերթը:

Այս մէկը իրականացաւ շնորհիւ «Ազդակ»-ի եւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւններուն միջեւ կայացած կարեւոր գործակցութեան, երբ «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը զօրավիգ կանգնեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի առաջարկին եւ յատուկ սակագինով բաժանորդագրեց Մեսրոպեանի ամբողջ աշակերտութիւնը:

Նշեալ քայլը կը նպաստէ, որ մեր աշակերտները ընթերցեն հայերէն թերթ եւ հետեւին միջազգային, տեղական, համահայկական եւ գաղութային իրադարձութիւններուն: Վստահ ենք, որ այս իրագործումը նաեւ կ՛օգնէ հայ միտքի զարգացման ու քաղաքականացած եւ լայնախոհ սերունդի կազմաւորման աշխատանքներուն:

Ուրեմն, այսուհետեւ ամէնօրեայ դրութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի 825 աշակերտներու 650 ընտանիքները պիտի ստանան «Ազդակ» օրաթերթ:

Մեսրոպեան վարժարանի եւ «Ազդակ»-ի միջեւ կայացած այս համաձայնութիւնը խօսքի սահմաններէն դուրս ելլելու եւ գործնական քայլերու դիմելու լաւագոյն արտայայտութիւնն է, որ կը միտի սատար կանգնիլ արեւմտահայերէնին եւ հայ թերթին:

 

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հաւաքականը Չկրցաւ Յաղթել Լիւքսամպուրկին

Յաջորդը

Սուրիահայ Ընտանիքներու Նպաստաբաշխումի Աշխատանք

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.