Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` «Եփրեմ» Ոսկերչական Հաստատութեան Եւ «Խաչքար»-ի Արտադրութեան Եւ Արտահանման Տնօրէն Լութֆիկ Շխըրտըմեանի Հետ

February 6, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կարելի՞ է, որ դուք ձեզ ծանօթացնէք եւ տեղեկութիւններ տաք «Խաչքար» ոսկերչական ստեղծագործութեան մասին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Կը ներկայացնենք «Եփրեմ» հաստատութիւնը, որ հիմնուած է 1964-ին, Եփրեմ Շխըրտըմեանին կողմէ: Մենք կը ներկայացնենք երկրորդ սերունդը. ես Լութֆիկ Շխըրտըմեանն եմ, քոյրս` Վիրնա ու եղբայրս` Ժան, հօրս տնօրինութեամբ է, որ 49-ամեայ այս ոսկերչական տունը կը ղեկավարենք: «Խաչքար»-ին գաղափարը ծնունդ առաւ որպէս հայասէր սփիւռքահայ հաստատութիւն: Զգալով, որ բաւականին հեռացած ենք հայութենէն, յղացանք այս եզակի ոսկերչական ստեղծագործութիւնը, որուն շնորհիւ մեր ազգին զաւակները իրենց հայրենիքէն մասնիկ մը պիտի կրեն իրենց ձեռքերուն վրայ…: Մանաւանդ ըլլալով մարդկային պատմութեան առաջին քրիստոնեայ ազգը` այսպիսով կարելիութիւն կու տանք ամէն հայու կրելու այս ապարանջանը, որ կը ներկայացնէ խաչքարի հինաւուրց արուեստը` որպէս նշան ճանաչման մէկ ազգի զաւակ ըլլալու իրողութեան:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ձեր զրոյցէն եզրակացուցինք, որ այս ոսկերչական արտադրանքէն ու վաճառքէն գոյացած գումարը կը փափաքիք օգտագործել բարեգործական նպատակներու համար…:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Հայութիւնը կամաց-կամաց կը հեռանայ իր արմատներէն, եւ շատեր արդէն իսկ իրենց զաւակները կ՛ուղարկեն օտար դպրոցներ` արագացնելով ձուլման տխուր գործընթացը, պատճառաբանելով, թէ վերոյիշեալ ուսման հաստատութիւնները աւելի փայլուն ապագայ կ՛ապահովեն: Մեր նպատակն է ժողովուրդին կարծիքը փոխել եւ քաջալերել վերադարձը  դէպի հայկական դպրոցներ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս ոսկեայ խաչքար-ապարանջանը ո՞ւր կրնանք գտնել եւ ինչպէ՞ս ձեռք բերել:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Facebook-ի վրայ խումբ (group) մը ստեղծած ենք յատուկ խաչքարին համար, ուր ցուցադրուած են արական թէ իգական սեռին վերաբերող քանի մը նմուշներ` իրենց գիներով: Նաեւ «E Commerce» բացած ենք, որպէսզի աշխարհի չորս կողմէն ուզողին առցանց դրութեամբ կարենանք հասցնել խաչքարերը, ուր որ ուզեն, շատ ապահով ձեւով:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Իսկ ի՞նչ են ձեր ծրագիրները, ինչ կը վերաբերի այս եզակի մտայղացումը` խաչքարը միջազգային շուկայ հանելու:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մենք 2013 թուականին սկսանք «Խաչքար»-ի ծրագիրը` յուսալով, որ քանի մը ամիսէն անիկա հասնի աշխարհասփիւռ հայերուն` զանգուածային լրատուութեան միջոցներով: Կը փորձենք կազմակերպել հայազգի նշանաւոր աստղերուն հետ «Խաչքար»-ի պաշտօնական ներկայացում. ասոր պիտի անդրադառնանք ուրիշ հաղորդումներով:

Այսպիսով, եթէ «Խաչքար»-ի ծրագիրը յաջողութիւն գտնէ, նոր տարբերակները «պիտի տպագրուին», դարձեալ հայկական բարեսիրական նպատակներով:

Մեր նշանաբաններն են` յատուկ, մաքուր եւ կեանք ունեցող ոսկեղէններ, ի փառս հայկական ոսկերչական դարաւոր աւանդոյթներուն:

 

 

Պէյրութ

Նախորդը

Եթէ Քիւրտերուն Հարց Տրուեր, Մեծամասնութիւնը Պիտի Պահանջէր Անջատ Պետութիւն Մը. «Իբրեւ Թուրքեր Եւ Քիւրտեր` Պարտք Ունինք Տալու Հայերուն»

Յաջորդը

Տեսակէտ. Սուրիահայերը` Հայաստանի Նախագահական Ընտրութիւններու Սեմին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.