Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պաքու Քաղաքացիական Օդանաւերը Ոչնչացնելու Չի Պատրաստուիր» Կ՛ըսէ Ազիմով

February 5, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արազ Ազիմով

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արազ Ազիմով երէկ անդրադարձած է Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման վերաբերող լուրերուն եւ յայտնած, թէ իրենք պիտի չարտօնեն, որ «Ազրպէյճանի օդային տարածքին մէջ ապօրինի թռիչքներ կատարուին»:

«Միւս կողմէ, Ազրպէյճան, ի հարկէ, չի պատրաստուիր քաղաքացիական օդանաւերը ոչնչացնելու», նշած է ան` աւելցնելով, որ Շիքակոյի ուխտը կը նախատեսէ որոշ կանոններ, զորս ընդունած է նաեւ ազրպէյճանական կողմը: Այդ կանոնները կը նախատեսեն կանխարգիլել ապօրինի թռիչքներն ու անոնց ստիպել էջք կատարել որոշ օդակայանի մէջ: Ուստի ճիշդ չէ, երբ մարդիկ կը փորձեն կանխաւ շահարկել` Ազրպէյճանը պիտի հարուածէ՞ քաղաքացիական օդանաւները, թէ՞ ոչ, ըսած է ազրպէյճանցի պաշտօնեան:

Ըստ Ազիմովի, «հայկական կողմը, Ստեփանակերտի օդակայանը գործարկելու մասին լուրերով, պարզապէս կը փորձէ ազրպէյճանական կողմը վախցնել… Ապօրինի օդային միջանցքի բացումը օդային տարածքի բռնագրաւում կը նշանակէ», յայտարարած է ան:

Ազիմով նաեւ նշած է, որ հայկական կողմը Ստեփանակերտի օդակայանը պիտի օգտագործէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական սարքեր կուտակելու եւ «բռնագրաւումը շարունակելու» համար: «Ղարաբաղի տարածքին մէջ շուրջ 30 հազար հայ կը բնակի (իրականութեան մէջ ատիկա առնուազն 140 հազար է), որոնց պահանջները բաւարարելու համար բաւական է Լաչինի միջանցքը, որուն միջոցով ամէն օր առնուազն 70 բեռնատար ինքնաշարժ կ՛անցնի: Այնպէս որ, մարդասիրական նպատակներով օդակայանը բանալու անհրաժեշտութիւն չկայ: Յստակ է, որ ատիկա պարզապէս առիթ է», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ «հայկական կողմը օդային տարածքը կը փորձէ օգտագործել այլ նպատակներով, ներառեալ` յատուկ նշանակութեան բեռներ Ղարաբաղ տեղափոխելու համար, որպէսզի այնտեղ շատ զինուորական սարքեր տեղակայեն, շարունակեն բռնագրաւումը…»:

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ կառավարութիւնը փոփոխութիւններ մտցուցած է «Ազրպէյճանի օդային տարածքի օգտագործման կանոններուն» մէջ, որոնք երկրի օդուժին իրաւունք կու տան ոչնչացնելու «երկրի տարածք ապօրինի կերպով ներխուժած օդանաւերը»:

 

Նախորդը

«Հըզպալլայի Զէնքը Պատճառաբանութիւն Մըն Է` Խոչընդոտելու Կամ Յետաձգելու Երեսփոխանական Ընտրութիւնները» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Մինասեան. «Սեռերու Իրաւահաւասարութեան Մասին Օրէնքը Ձեւական Է»

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը  Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական  Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»
Հայկական

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»

November 28, 2026
Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման  Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին  Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»

November 28, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։