Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրացիները Կ՛իւրացնեն Հայկական Եկեղեցիները

February 5, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2003-ԷՆ Ի ՎԵՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՓԱՄՈՒՔՔԱԼԷ ԵՒ ՍԻՎԱՍ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ Կ՛ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵՆ ՇՈՒՐՋ 300 ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ՊԱՏՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ, ՈՐՈՆՑ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱՅՔԻ ՀԱՅ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵԱՑ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆՆ Է, ՍԱԿԱՅՆ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻՆ ԵՒ ԿԸ ԳՐԱՆՑՈՒԻՆ ՈՐՊԷՍ ՎՐԱՑԱԿԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ

Ըստ պատմական տուեալներու, արաբական արշաւանքներէն ետք, դէպի հարաւ արշաւող վրացիները Թ. եւ Ժ. դարերուն քաղքեդոնականութիւնը ընդունող Բագրատունիներն ալ վրացադաւան դարձնելով եւ շրջանի քրիստոնէական յուշարձաններու վրայ արձանագրուած հայերէն գրութիւններուն վրայ վրացատառ գրութիւններ քանդակելով` տիրացան ներքին Հայքի եկեղեցիներուն:

Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ ճարտարապետ Տիրան Մարութեան (1911-2007) Իշխանաց վանքին մասին կը գրէ. «Մամիկոնեաններու նախարարական տան նստավայր Ճակք գաւառի Իշխան գիւղին մէջ, շրջանի հայ հոգեւորական թեմի առաջնորդ եպիսկոպոս Ներսէսի (հետագային` հայոց կաթողիկոս Ներսէս Շինող) Է. դարուն կառուցուած, ժամանակին ընթացքին քանի մը նորոգումներ կրած, մինչ այժմ` մասամբ կանգուն, հիմքը խաչաձեւ կեդրոնագմբէթ եկեղեցին հայ ճարտարապետութեան դասական շրջանի յուշարձաններէն է եւ իր ուրոյն տեղը ունի մեր արուեստի հրագոյն արժէքներու շարքին մէջ»:

Տայքի հայ Բագրատունեաց իշխանապետութեան ժառանգութիւն համարուող Իշխանի եկեղեցին պաշտօնապէս վրացական դարձաւ, իսկ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 1 միլիոն լիրա յատկացուցած է զայն վերականգնելու համար:

Համալսարաններու  մասնագէտները արդէն աւարտած են հայ քաղկեդոնական Խանթայ, Օշքի եւ Իշխանի եկեղեցիներու վերականգման նախագծային աշխատանքները, որոնք Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան մէջ գրանցուած են որպէս վրացական եկեղեցիներ եւ կը սպասեն Թուրքիոյ պետական պիւտճէի յատկացումներուն` այդ աշխատանքները վրացական կողմի մասնագէտներուն հետ իրականացնելու համար:

Փոխադարձ պայմանաւորուածութեան համաձայն, Իշխանի եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքներու ֆինանսաւորումը իրականացնելու էր Թուրքիոյ կառավարութիւնը, իսկ Օշքի եկեղեցիինը` Վրաստանը:

Անգարայի պետական պիւտճէէն Թուրքիոյ կառավարութիւնը մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութեան յատկացուցած է 1 միլիոն լիրա, 2013 թուականի գարնանը վերականգնողական աշխատանքներ սկսելու նպատակով:

 

Նախորդը

Հարցազրոյց` Լիբանան Ապաստանած Սուրիահայերու Օժանդակութեան Աշխատանքին Մասնակից Պատասխանատուներու Հետ (Բ.)

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կարծէք Կը Համակերպի Արցախի Կորուստին Հետ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.