Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԻ ՄԻԱՄՍԵԱԿ

May 11, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դոկտ. Փրոֆ. Ջուլիետա Կիւլամիրեան Պէյրութի մէջ
պիտի վարէ հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ
մանկավարժական կազմաւորումի դասընթացքներ

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք լիբանանահայ մանկավարժական հանրութեան ներկայացուցիչներուն եւ ծնողներուն, որ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին հրաւէրով հայրենի մանկավարժ դոկտ. փրոֆ. Ջուլիետա Կիւլամիրեան ժամանեց Պէյրութ` լիբանանահայ մանկապարտէզներու եւ տարրական դասարաններու մանկավարժներուն ուղղուած հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ  մանկավարժական կազմաւորումի վերաբերեալ դասընթացքներ վարելու նպատակով:  Փրոֆ. Կիւլամիրեան Պէյրութ պիտի գտնուի ամբողջ մայիս ամիսը: Այցելութեան առիթով ան նաեւ լիբանանահայ ծնողներու համար պիտի ներկայացնէ մանուկներու հոգեբանութեան վերաբերեալ ընդհանուր դասախօսութիւններ:

Դոկտ. փրոֆ. Ջուլիետա Կիւլամիրեան դասախօս է Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի մանկավարժական ամպիոնի, հեղինակ է աւելի քան 200 գիրքերու, գիտամեթոտական յօդուածներու, մեթոտական ձեռնարկներու եւ դասագիրքերու: Ան շուրջ 10 ծրագիրներ եւ դասագիրքեր ստեղծած է սփիւռքահայ դպրոցներու տարրական դասարաններու մայրենի լեզուի դասընթացքի համար, ինչպէս նաեւ վարած  է ուսուցիչներու կազմաւորման կարճաժամկէտ թէ երկարաժամկէտ դասընթացքներ` Շարժայի, Հալէպի, Թեհրանի եւ Քուէյթի մէջ:

Հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ մանկավարժական կազմաւորումի դասընթացքներու այս ծրագիրը կը վայելէ  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքին բարձր հովանաւորութիւնը եւ կ՛իրականացուի «Գ. Նարեկացի» կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին կողմէ: Անիկա տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի կրթական նախարարութեան եւ է Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի գործակցութեամբ, եւ օժանդակութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Գ. Հարպոյեան եւ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարաններուն:

Այս ծրագիրը կը բխի ի սպաս հայ աշակերտներուն հայերէնի ուսուցման եղանակները զարգացնելու նկատմամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին եւ անոր կրթական մարմիններուն յանձնառութենէն, ինչպէս նաեւ` հայ մանկավարժներուն մասնագիտական օգնութիւն տրամադրելու անոնց պատրաստակամութենէն:

Ծրագիրին վերաբերեալ մանրամասն տեղեկութիւններ կարելի է ստանալ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակէն, հեռաձայն` 01 570 559, 70 857 427, [email protected]

29 ապրիլ, 2011
Պէյրութ-Լիբանան

 

Նախորդը

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ «ԻՐԱԿԱՆ ԵՐԿԻՒՂԸ» ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՀԱՅԱՍԷՐ ՆՈՐ ԵՐԱՆԵԼԻՆ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.