Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Մէջ Հայկական Դպրոց Մը Վնասուած Է

February 4, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաշատ Հալէպի մէջ 31 յունուարի կէսօրին բուռն բախումներ տեղի ունեցած են քաղաքի տարբեր թաղամասերուն մէջ:

Այս տեղեկութիւնը «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան փոխանցած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը` աւելցնելով, որ Աշրաֆիէ թաղամասին մէջ բախումներու իբրեւ հետեւանք վնասուած է հայկական դպրոցներէն մէկը, փշրուած են պատուհաններուն ապակիները: Աշակերտները դուրս բերուած են շէնքէն:

Ռէյիսեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ հին քաղաքի Պապ Ալ Նասր, Սապաա Պահրաթ, Սեպիլ թաղամասերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Պուսթան Փաշայի մէջ: Բախումները, բարեբախտաբար, հայաբնակ թաղամասերուն չեն հասած, սակայն բաւական մօտեցած են: Երեկոյեան վիճակը աւելի հանդարտած է:

Անդրադառնալով քանի մը օր առաջ Հալէպի մէջ տեղի ունեցած ոճրագործութեան` բանբերը նշած է, որ դիակներուն ինքնութիւնը կարելի չէ եղած ճշդել, զոհերը կը գտնուին ընդդիմադիրներուն մօտ:

Հալէպի օդակայանի բացման մասին խօսելով` Ռէյիսեան յայտնած է, որ յստակ տեղեկութիւններ չկան այդ մասին, սակայն պետութիւնը կարելին կ՛ընէ, որպէսզի ամէնէն արագ միջոցին օդակայանը գործելու սկսի:

Ան չէ հաստատած այն տեղեկութիւնը, որուն համաձայն, քանի մը օր առաջ զոհուած հայ երիտասարդ Յովսէփ Աբգարեանը դաժանօրէն սպաննուած եւ կողոպտուած է: Ան դիտել տուած է, որ Աբգարեան եւ ուրիշ երեք արաբներ զոհուած են, երբ Պէյրութէն Լաթաքիա փոխադրող թաքսիին վրայ կրակ բացուած է, կայ նաեւ վիրաւոր մը:

Նախորդը

Տեսակէտ. Աղճա Դարձեա՞լ Պատուէր Կը Կատարէ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.