Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, կատարողութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցին, երէկ` կիրակի, 3 փետրուարի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վասն Յիսուսի` վասն հայրենեաց» նշանաբանով վարդանաշունչ համերգ` ղեկավարութեամբ եկեղեցւոյ դպրապետ Երուանդ Քէշիշեանի:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ներսէս Օհանեան: Ան հաստատեց, որ Վարդան Մամիկոնեան եւ իր զինակիցները անձնական շահերու կամ փառքերու համար չնահատակուեցան` աւելցնելով, որ անոնք նախընտրեցին նահատակուիլ, որպէսզի հայութիւնը ապրի պատիւով, հաւատքով եւ հայրենասիրութեամբ:
Ան հարց տուաւ, թէ ո՞վ կը պայքարի այժմու մարտահրաւէրներուն դէմ` պահելու հայ գիրն ու գրականութիւնը, ազգային արժէքներն ու գանձերը: «Մենք հոս հաւաքուած ենք մեր անմահ հերոսներուն ըսելու, թէ ձեր արիւնը ի զուր չթափեցիք: Մենք տէրն ու պահապանն ենք մեր հաւատքին ու հայրենիքին», եզրափակեց Ներսէս Օհանեան:
Բացման խօսքէն ետք դպրաց դասը ներկայացուց Վարդանանքը խորհրդանշող երգերու փունջ մը, որուն զուգահեռ, կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը` «Աւարայրի ճակատամարտի նախօրեակին» խորագիրով: Երգչախումբը մեկնաբանեց «Քրիստոս պատարագեալ», «Վարդան», «Նորահրաշ», «Կարմիր վարդան», «Գողթնի քնարք», «Լռեց», «Հիմի էլ լռենք», «Փառք քեզ Աստուած» եւ այլ երգեր, իսկ Մարօ Սարգսեան ասմունքեց «Խորհուրդ վարդանանց» քերթուածը:
Աւարտին օրհնութեան խօսքը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան նկատել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ վառ պահեց Վարդանանց հերոսամարտի յիշատակը` աւելցնելով, որ այս տօնը մեզի կը կապէ մեր պատմութեան 16 դարեայ ժամանակաշրջանին, որմէ չենք կրնար մենք զմեզ անջատել:
«Վարդանանքը մեզ ոգեշնչող առիթ է… Անիկա մեզի տուաւ հայ մնալու եւ գոյատեւելու գաղտնիքը… 5-րդ դարու ազգային ոգին կերտեց Վարդանանքը», հաստատեց սրբազանը եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն իրենց տուներուն մէջ անպակաս ընելու հայկական ոգին եւ փոքրերուն մէջ սնուցելու ազգային հպարտութիւնը` մեծցնելու Վարդանանց արժէքը անոնց մօտ:
Համերգը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:


