Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Հայաստանի զինեալ ուժերու ժամկէտային զինուորութիւն կատարողներ Արամ Աւագեանն ու Նարեկ Աբգարեանը:
Լուրը փոխանցող PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ Ռուսիոյ Քալինինկրատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան, Աւագեան տիրացաւ արծաթ մետալին (56 քկ), իսկ Աբգարեան` պրոնզ մետալին (52 քկ):
Նախարար Օհանեան շնորհակալութիւն յայտնեց կռփամարտիկ-զինուորականներուն` Հայաստանի եւ հայկական բանակին պատիւը բարձր պահելու եւ ծառայութեան ընթացքին մարզական յաջողութիւններ արձանագրելու համար:
Ապա նախարարը զինուորական ծառայող-մարզիկները պարգեւատրեց նախարարութեան մետալներով:
Նշենք, որ անոնք (կամ ուրիշներ) առաջին անգամը չէ, որ զինուորական ծառայութեան ընթացքին կը մասնակցին միջազգային մրցումներու:
2012-ին Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած ախոյեանութեան կռփամարտիկ-զինուորներ գրաւած են մրցանակային դիրքեր:


