Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէտք Է Աշխատանք Տանիլ Նոր Սերունդներուն Մշակութային Դաստիարակութիւն Տալու», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Գագիկ Գինոսեան

January 22, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Վերջերս Լիբանան կը գտնուէր Հայաստանի  Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, հայկական պարարուեստի մասնագէտ, «Կարին» աւանդական երգի պարի խումբի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեան:

Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին հայկական պարարուեստին ապրած զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ «Կարին» խումբի գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով «Ազդակ» Գագիկ Գինոսեանի հետ կատարեց հարցազրոյց մը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ:

 

«ԱԶԴԱԿ».- Հայկական պարարուեստը այսօր ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ Հայաստանի մէջ:

ԳԱԳԻԿ ԳԻՆՈՍԵԱՆ.- Կ՛ուզեմ նախ ընդհանուր կերպով  անդրադառնալ Հայաստանի մէջ հայկական պարարուեստին: Հայ մշակոյթը եւ յատկապէս աւանդական պարարուեստը տուժեց Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին, եւ ստեղծուեցաւ պարարուեստ մը, որ բաւական մեծ թերութիւններ ունէր. փորձ կը կատարուէր աւելի ընկերվարական բնոյթ տալ ամէն տեսակի մշակոյթներուն: Հետեւաբար, պարարուեստը բաւական ազդուեցաւ այս երեւոյթէն:

Ստեղծուեցաւ «Սովետական պարի դպրոց» մը, ուր կը փորձէին բոլոր պարերը միացնել եւ հոն բոլոր հանրապետութիւններու պարերը նման էին իրարու: Համայնքի մէջ կամ ազգի մէջ դաստիարակութեան մէջ` ազգակերտումի տեսակէտով, շատ կարեւոր է պարարուեստը, իսկ «Սովետական պարի դպրոց»-ը բաւական շեղեցաւ այն դիմագիծէն, որ կը կոչուի ազգային պար: Հայկական պարարուեստին մէջ ներառուեցաւ պալէի շարժումներ, որոնք անթոյլատրելի են, որովհետեւ հարկ է հայկական պարը բարձրացնել պալէի մակարդակին եւ ոչ թէ ժողովրդական պարը աշխուժացնել պալէի շարժումներով: Հարկ էր կերտել ազգային պալէի դպրոց: Ասոր վրայ աւելցան կովկասեան, վրացական շարժումներ. այդպիսով այս ժամանակաշրջանի հայկական պարը խառն մշակոյթի դրսեւորման վերածուեցաւ: Այն նոյնը կը կատարուէր նաեւ երգարուեստին մէջ: Հայրիկ Մուրատեանը եղաւ հայ երգի առաջին նուիրեալը, որ փորձեց անաղարտ երգ ստեղծել. ան հիմնեց առաջին ազգագրական երգ ու պարի խումբը: Տարիներ վերջ եւս աշակերտեցի իրեն եւ իմ կարգիս պարարուեստի մէջ հետեւողական աշխատանք տարի, որպէսզի գիւղերէն կարենամ հաւաքել այն պարերը, որոնք ազգային տօներուն կ՛առնչուին եւ մեր ազգային դիմագիծին մաս կը կազմեն: Սակայն 2001-ին եւս առանձնացայ եւ հիմնեցի «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբը:

Ա.- Խօսինք «Կարին» ազգագրական աւանդական երգի-պարի խումբին մասին:

Գ. Գ.- Ինչպէս ըսի, «Կարին»-ը հիմնուեցաւ 2001 թուականին: Անոր հիմնական առաքելութիւնն էր սկզբնական շրջանին ներկայացնել Կարինի մշակոյթը: Ներկայիս, որ 12 տարուան կեանք ունի, բաղկացած է 50 անդամներէ, որոնք կ՛երգեն եւ կը պարեն միեւնոյն ժամանակ: 50-է աւելի պարեր արդէն ձեռք բերուած են զանազան շրջաններէ եւ մարզերէ` Ջաւախքէն, Արցախէն, Սփիւռքէն (Սուրիա, Լիբանան, Թուրքիա, Իրան, Միացեալ Նահանգներ): «Կարին»-ի աշխատանքը մեծ էր, որովհետեւ կը վերադարձնէր հայ ժողովուրդը իր մշակոյթին: 7 տարիէ ի վեր ամէն ամսուան վերջին ուրբաթ օրը «Կարին»-ը անվճար դասընթացքներ կը կազմակերպէ բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին սորվիլ հայկական աւանդական պարեր:

2007-ին ես ստեղծեցի ազգագրական թատրոն եւ 3 նմուշ բարձրացուցի բեմ: Երեքին մէջն ալ կարգ երգ, պար եւ դերասանութիւն: Առաջինին խորագիրն էր «Հայոց երգի հայրիկը» եւ նուիրուած էր Հայրիկ Մուրատեանի: Երկրորդը` «Խնկահոտ երկիր», որ էրզրումցի պապի եւ թոռնիկին պատմութիւնն էր: Երրորդը` «Վարք հայոց», որ Մեսրոպ Մաշտոցի աշխատանքը, պատմութիւնը եւ Նժդեհի պայքարը կը ներկայացնէր:

«Ա.».- «Կարին»-ը ո՞ր գաղութները այցելած է եւ ո՞ւր ելոյթներ տուած է:

Գ. Գ.- «Կարին»-ը ելոյթներ տուած է Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ, Իրանի, Սպանիոյ, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ:

«Ա.».- Սփիւռքի գաղութներու մէջ ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ հայկական պարարուեստը:

Գ. Գ.- Սփիւռքը աւելի տարօրինակ վիճակի մէջ է, որովհետեւ կը հետեւի Հայաստանի եւ այդտեղէն արուեստագէտներ կը բերէ, իսկ վերջինները մաս կը կազմեն «Սովետական պարի դպրոց»-ին: Ցաւալին այն է, որ համայնքի մը հետ աշխատող արուեստագէտները փորձ չեն կատարած այդ համայնքին պարը ձեռք ձգելու եւ սորվեցնելու: Ես գրեթէ բոլոր համայնքներուն մէջ աշխատած եմ: Իւրաքանչիւր համայնքի պարարուեստի մէջ կը տեսնես արտացոլումը այդ համայնքի մարդոց բնաւորութեան, նաեւ աշխատանքային պայմաններուն եւ այլն: Շատ ծիծաղելի երեւոյթ է նոյն պարը տեսնել տարբեր համայնքներու մէջ:

«Ա.».- Այս երեւոյթը սրբագրելու համար ի՞նչ պէտք է ընել, ձեր կարծիքով:

Գ. Գ.- Ես կը կարծեմ եւ կը փափաքիմ, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի մշակոյթի նախարարութիւնները աւելի ուշադիր ըլլան այս իմաստով եւ օգտակար դառնան համայնքներուն, որպէսզի իրենց մշակոյթը պահեն: Հարկ է, որ զոյգ նախարարութիւնները ջանք թափեն օգնելու իւրաքանչիւր համայնքի` իր մշակութային գոհարները վերագտնելու եւ վերադարձնելու ժողովուրդին:

«Ա.».- Լիբանան ձեր այցելութեան նպատակը ի՞նչ է:

Գ. Գ.- Ես Լիբանան կը գտնուիմ ՀԲԸՄ-ի հրաւէրով: Մայիս ամսուան ընթացքին «Արին» պարախումբը, որուն պարուսոյցն է Գայեանէ Մածունեան, ելոյթ պիտի ունենայ. հետեւաբար ես 12 պար բեմադրեցի իրենց համար, եւ իրենք աշխատանք պիտի տանին եւ սորվին այդ պարերը մինչեւ մայիս:

«Ա.».- Այս առիթով ի՞նչ կ՛ուզէք ըսել մեր ընթերցողներուն:

Գ. Գ.- Ես կ՛ուզեմ ըսել, որ եթէ կան մարդիկ, որոնք տեղեկութիւններ ունին զանազան աւանդական հայկական պարերու մասին, առանց վարանելու թող դիմեն մեզի, որպէսզի այդ պարերը չմահանան եւ գոյատեւեն: Նոյնն է պարագան երգին: Հարկ է իւրաքանչիւր գաւառի երգը ներկայացնել իր բարբառով:

Նաեւ կ՛ուզեմ ըսել, որ մշակոյթը ժամանց չէ: Պէտք է աշխատանք տանինք մեր երեխաներուն մշակութային դաստիարակութիւն տալու համար: Մենք «Կարին»-ի ընդմէջէն կը փորձենք ազգային մշակոյթի կենցաղը վերադարձնել:

 

Նախորդը

Հայ Տպագրութեան 500-ամեակի Կողքի Ճամբաներով

Յաջորդը

«Նէշընըլ Ճէոկրաֆիք» Կայանի Գայթակղեցուցիչ Ժապաւէնը` Թուրքիոյ Մասին. «Պոլիս` Խաբեբաներու Քաղաք»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.