Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան 25-րդ Պատգամաւորական Ժողովի Բացում

January 18, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան (ՀՄԱԿ) 25-րդ Պատգամաւորական ժողովին բացումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 15 յունուարի երեկոյեան` Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէկեան» սրահին մէջ:

69-ամեայ «Արարատ»-ի Պատգամաւորական ժողովին բացումը կատարուեցաւ սկաուտներու միջոցով դրօշակի ծածանումով` «Արարատ»-ի քայլերգին ներքեւ, որուն յոտընկայս հետեւեցան ներկաները:

Ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց կազմակերպութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Զարիֆեան եւ Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Համլեթ Խալոյեանը հրաւիրեց խօսք առնելու:

Վերջինս հակիրճ, սակայն ամբողջական պատկերով ներկայացուց կազմակերպութեան բոլոր վարչութիւններուն եւ միութիւններուն, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերուն ծաւալած երկամեայ աշխատանքները, դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ վերիվայրումներով լեցուն ուղին:

Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, որ 2614 անդամներով սփիւռքահայ այս կազմակերպութիւնը, որ իրանահայ եւ ինչու չէ նաեւ իրանական մարզական կեանքին մէջ միշտ ալ իր ուրոյն տեղը ունեցած է, առկայ տնտեսական դժուարութեան պայմաններուն մէջ եւս կը փորձէ չխնայել կարելին` իր բարձր վարկանիշը եւ բարի համբաւը պահպանելու համար:

Թէեւ ձեռնարկին ներկայ էր Իրանի խորհրդարանի Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեան, սակայն վատառողջութեան պատճառով անոր պատգամը կարդաց Հրաչ Զարիֆեան:

Ցուցադրուեցաւ տեսանիւթ մը, որուն մէջ ներկայացուած էին կազմակերպութեան մարզական եւ մշակութային երկամեայ աշխատանքները: Ապա կարդացուեցան ստացուած ուղերձները, որոնց շարքին` Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդին յղած պատգամը: Ահա ամպիոնին մօտ հրաւիրուեցաւ «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, որ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք Պատգամաւորական ժողովին:

Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ Արին Գալուստեանը` փոխանցելու Համազգայինի յղած ուղերձը: Ուղերձին կից Գալուստեան սեղմ տողերով ներկայացուց Համազգայինի ծաւալած աշխատանքները` Պէյրութի մէջ եւ այլուր: Արտայայտուելու հրաւիրուեցաւ նաեւ ժողովին առիթով Թեհրան ժամանած ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան ՀՄԸՄ-ի անունով իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ դժուարութիւններու դիմագրաւման` յանուն հայ երիտասարդ սերունդի դաստիարակման:

Վերջաւորութեան փոխանակուեցաւ յուշանուէրներ ՀՄԸՄ-ի, ՀՄԱԿ-ի եւ Համազգայինի միջեւ:

 

 

Նախորդը

«Սինէ Քլապ». Էտմոն Քէօսէեանի «Տղամարդիկ» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Յաջորդը

Ալճերիական Բանակը Պատանդները Ազատելու Գործողութեան Ձեռնարկեց

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.