Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` «Ժպիտ» Միութեան Անդամներուն Հետ

January 17, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

5 տարի առաջ խումբ մը կիներ հիմը դրին «Ժպիտ» միութեան, որ օրինաւոր կերպով արձանագրուած է պետութեան մօտ եւ ունի արտօնագիր: Այս միութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով «Ազդակ» միութեան անդամներուն հետ կատարեց հարցազրոյց մը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ:

«ԱԶԴԱԿ».- Ե՞րբ հիմնուած է «Ժպիտ»-ը: Քանի՞ անդամներէ կը բաղկանայ:

ԺՊԻՏ.- «Ժպիտ»-ը հիմնուած է 5 տարի առաջ եւ կը բաղկանայ 10 կիներէ:

«Ա.».- Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ եւ` ինչո՞ւ «Ժպիտ»:

«Ժ.».- Մեր նպատակն է օգտակար հանդիսանալ կարիքաւոր երեխաներուն, անոնց տրամադրելով դպրոցական կրթաթոշակ, բժշկական խնամք (հիւանդանոցային), խանդավառ եւ ուրախ միջավայր ստեղծել իրենց` պտտցնելով Լիբանանի մէջ զանազան վայրեր, ինչպէս` գիտական կեդրոն, ճաշարաններ, կրկէս եւ այլն: Մեր միութեան անունը «Ժպիտ» կոչած ենք, որովհետեւ մեր գործունէութեամբ ժպիտ կը բերենք երեխաներուն դէմքերուն վրայ եւ հաճելի պահեր կը տրամադրենք անոնց համար:

«Ա.».- Որո՞նց հետ կը գործակցիք:

«Ժ.».- Մենք կը գործակցինք հաստատութիւններու հետ, ինչպէս` ԼՕԽ, Ազգային առաջնորդարան, հայկական վարժարաններ` ազգային կամ այլ:

«Ա.».- Կրնա՞ք քիչ մը աւելի մանրամասն խօսիլ ձեր գործունէութեան մասին: Ինչպէ՞ս սկսաք ձեր աշխատանքը:

«Ժ.».- Մենք առաջին հերթին, երբ որոշեցինք հիմնել այս միութիւնը, այցելեցինք Ազգային առաջնորդարան եւ ընկերային ծառայողէն ուզեցինք հասկնալ, թէ որո՞նք են կարիքաւոր ընտանիքները, որոնց ինք կ՛այցելէ: Այդպիսով, կրցանք գիտնալ այն երեխաները, որոնք իսկապէս պէտք ունին օգնութեան: Որպէս առաջին քայլ` խումբ մը երեխաներ «McDonald» տարինք: Ապա սկսանք կապ հաստատել վարժարաններուն հետ եւ աշակերտները տարինք կրկէս, նաեւ` գիտական կեդրոն («Պէյրութ սուքս»-ի մէջ), «Լիվինկ քալըրզ» եւ այլն: Մեր գործունէութեան ծիրէն ներս մենք կարգ մը վարժարաններու տրամադրեցինք Էլ.Սի.Տի. փրոճէքշըններ, թիւով` 12 հատ:

Այս աշխատանքներու կողքին «Ժպիտ»-ը 8 սան որդեգրած է Ազգ. առաջնորդարանի «Սան որդեգրել» ֆոնտէն, նաեւ կարգ մը վարժարաններու մէջ շատ կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակը կը վճարէ: Գործակցաբար Ազգ. առաջնորդարանի ընկերային ծառայողին հետ, ամսական հարիւրական տոլար կը վճարենք 12 ընտանիքի, որոնք շատ կարիքաւոր են:

Հոս կ՛ուզենք փակագիծ մը բանալ եւ ըսել, որ երբ հիմնեցինք «Ժպիտ»-ը, այցելեցինք վեհափառ հայրապետին, նաեւ` առաջնորդ սրբազանին, եւ իրենց բացատրեցինք մեր աշխատանքին նպատակը եւ ձեւը եւ յայտնեցինք մեր պատրաստակամութիւնը` ծառայելու հայ ազգին:

«Ա.».- Կրթական մարզէ ներս ի՞նչ աշխատանք կը տանիք:

«Ժ.».- «Ժպիտ»-ը կը հաւատայ, որ լաւ սերունդ մը ունենալու համար շատ կարեւոր է ուսումը եւ դաստիարակութիւնը, հետեւաբար կարգ մը վարժարաններու հետ համաձայնեցանք եւ հովանաւորեցինք յետմիջօրէի մասնակի դասընթացքներու դրութիւնը: Այս դասընթացքին հետեւեցան այն աշակերտները, որոնք կարիքը ունէին յաւելեալ աշխատանքի եւ այդ առիթը եւ նիւթականը չունէին, որպէսզի մասնակի դասեր առնեն: Հետեւաբար մենք հոգացինք ծախսը այս դասընթացքներուն, որոնց արդիւնքը շատ գնահատելի էր:

«Ա.».- Կաղանդի առիթով ի՞նչ ըրաւ «Ժպիտ»-ը:

«Ժ.».- Այս տարի եւս, ինչպէս անցնող տարիներուն, մենք 400 տուփ ուտելիք բաժնեցինք կարիքաւոր ընտանիքներուն: Իսկ այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, 2 վարժարանի ամբողջ աշակերտութեան նոր կօշիկներ գնեցինք:

«Ա.».- Ձեր եկամուտի աղբիւրները ի՞նչ են:

«Ժ.».- Մենք բարերարներ ունինք, որոնք հետեւողականօրէն նիւթական կը տրամադրեն, որպէսզի մեր աշխատանքները հեզասահ ընթանան: Իսկ մենք տարեկան 1 ձեռնարկ կը կազմակերպենք` «Fund raising» եւ նուիրատուութիւններ կը հաւաքենք:

«Ա.».- Խօսինք ապագայ ծրագիրներու մասին: «Ժպիտ»-ը ի՞նչ կը մտածէ ընել մօտիկ ապագային, որպէսզի կրկին ժպիտ բերէ մանուկներու դէմքին վրայ:

«Ժ.».- Մեկնելով մեր 5 տարուան փորձառութենէն` «Ժպիտ»-ը պիտի շարունակէ ազգային եւ հայկական վարժարաններու աշակերտական պտոյտները, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ դպրոցէ ետք մասնակի դասընթացքները այլ վարժարաններու հետ եւս: Դարձեալ պիտի փորձենք օգտակար դառնալ այն կարիքաւոր ընտանիքներուն, որոնց զաւակները հիւանդանոցային խնամքի կը կարօտի եւ պիտի հոգանք այդ ծախսերը: Այլ խօսքով, «Ժպիտ»-ը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պիտի փորձէ օգտակար դառնալ կարիքաւոր աշակերտներուն եւ ընտանիքներուն:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կրնան դիմել «Ժպիտ»-ին:

«Ժ.».- Մեր ե-նամակի հասցէն է`

[email protected]
Իսկ կայքէջը` www.jebid.org

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Թուրքիա Հալէպի Գործարանները Կողոպտելով` Ժողովրդավարութիւն Կը Կառուցէ Սուրիոյ Մէջ

Յաջորդը

Հրապարակաւ Իր Կատարած Յայտարարութեան Ընթացքին Լենս Արմսթրոնկ Խոստովանեցաւ, Որ Խթանիչ Դեղեր Գործածած Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.