Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը հարաւէն վերադարձաւ պարտութեամբ մը, երբ Քֆարժոզի դաշտին վրայ իր կատարած մրցումին 1-0 արդիւնքով տեղի տուաւ Շապապ Հումին Թահթայի դիմաց:
Մրցակից կազմը իր կոլը նշանակեց մրցումին առաջին քսան վայրկեաններուն:
Թէեւ Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ պայքարեցաւ եւ ոչ մէկ ճիգ խնայեց կոլ նշանակելու, սակայն իր դէմ գտաւ կազմ մը, որ դիմեց ամուր պաշտպանողականի` մրցումին արդիւնքը անփոփոխ պահելու համար:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-էն բացակայեցան հինգ հիմնական մարզիկներ` տարբեր պատճառներով: Յակոբ Տօնապետեան վիրաւոր էր, Անթոնի Զէյտան` կախակայուած, իսկ երեք ուրիշներ, Մամաս Քէհէեան, Սագօ Ազնաւորեան եւ Վարդան Գոշոյեան` անհանգիստ:


