ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ներկայիս 26 տարեկան բերդապահ Գրիգոր Մելիքսէթեան փորձեր կը կատարէ Արարատ Երեւանի հետ:
Ակումբի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ մօտիկ ապագային կը յստականայ, թէ ան մաս պիտի կազմէ՞ Արարատի, թէ՞ ոչ:
Վերջին 2 տարիներուն Մելիքսէթեան հանդէս կու գար Իրանի մէջ: 2012-ի ամրան, Փիւնիկի նախկին բերդապահը, մաս կազմեց Գոհար Զաքրոսի: Սակայն վիրաւորուելով վերադարձաւ Արարատ:
Եթէ պատահի, որ անոր Արարատ փոխանցումը իրականանայ, ապա բերդապահներուն միջեւ մրցակցութիւնը աւելի պիտի սրի:
Ներկայիս խումբին մաս կը կազմեն փորձառու բերդապահ Մայիս Ազիզեան, Փիւնիկի նախկին բերդապահ Արսէն Պետրոսեան, ինչպէս նաեւ բարձրագոյն խումբին մաս կազմելու յոյս ունեցող Արման Յովհաննիսեան:


