ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Շիրակ Գիւմրիի յետսապահ Հրայր Մկոյեան իբրեւ ազատ մարզիկ տեղափոխուեցաւ Քարփաթի Լվով (Ուքրանիա):
Հակառակ անոր որ ան դեկտեմբեր 2012-ին նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր Շիրակի հետ, սակայն հայկական ակումբը ոչ մէկ արգելք տեսաւ անոր փոխանցման առնչութեամբ:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը Շիրակի հետ սկսած Մկոյեան մաս կազմած է նաեւ Արարատ Երեւանի, Ուլիսի եւ Միքայի: Ան յունուար 2011-ին կարճատեւ պայմանագիր մը կնքած է Սպարտակ Նալչիքի հետ, ապա նախորդ ամրան ընթացքին վերադարձած Հայաստան եւ միացած Շիրակի:
ArmSport.am կ՛եզրափակէ ըսելով, որ Քարփաթի այժմ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան դասաւորման մէջ 19 կէտով կը գրաւէ 14-րդ դիրքը:


