ArmFootball.com հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի նախկին միջնապահ Ժորա Յովհաննիսեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ուզպեքիստանի ախոյեան Փախթաքոր Թաշքենտի հետ:
Նշեալ ակումբի փոխնախագահ Սամուէլ Պապայեան ակումբի պաշտօնական կայքէջէն կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Անցեալին, Ժորայի հայրը` Խորէն Յովհաննիսեան, մեծ յաջողութեամբ հանդէս եկաւ մեր կազմին հետ: Ան նաեւ ճանչցուեցաւ իբրեւ Հայաստանի բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ֆութպոլիստը: Նախորդ տարեշրջանին Ժորան բացառիկ արդիւնքներ ձեռք ձգեց: Կը կարծեմ, որ ան, ինչպէս իր հայրը, կը դառնայ մեր համակիրներուն սիրելին եւ իր հետքը կը ձգէ մեր ակումբին պատմութեան մէջ»:
Նշենք, որ ան նախորդ տարեշրջանին Լոքոմոթիւ Թաշքենտի հետ կատարեց 17 մրցում եւ նշանակեց 4 կոլ:


