Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարցով Հըզպալլա ՖԻՆԻՒԼ-ի Թրքական Ուժերուն Դէմ Գործողութիւններ Պիտի Չկատարէ

December 31, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները հաստատեցին, որ իրենք տակաւին չեն ճշդած, թէ ի՛նչ քայլերու պիտի դիմեն` Լիբանանի մէջ թրքական շահերուն դէմ ճնշում բանեցնելու առումով:

Անոնք նկատել տուին, որ իրենց զաւակներուն առեւանգումին հարցով Թուրքիան պատասխանատու նկատելու պատճառը այն է, որ Թուրքիա կը զօրակցի սուրիական ընդդիմութեան եւ ուղղակի թէ անուղղակի կերպով մեղսակից կը նկատուի այդ առեւանգումին:

Անոնք ընդգծեցին, որ այդ հարցով Հըզպալլա ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող թրքական զօրամասին դէմ գործողութիւններ պիտի չկատարէ` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող թրքական ուժերուն զօրամասը կը գործէ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումին ապահովութեան ներքեւ:

Միւս կողմէ, սակայն, քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով թուրք դիւանագէտէ մը, նշեց, որ Լիբանանի ու Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները եւ  Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը զգուշացուցած են Հըզպալլան ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող եւ Սուրի Շաայթիէ գիւղաքաղաքին մէջ հաստատուած թրքական զօրամասին դէմ որեւէ յարձակում գործելէ:

Թուրք դիւանագէտը յայտնեց, որ Հըզպալլայի դէմ գետնի վրայ լուրջ քայլերու պիտի դիմուի` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խիստ զայրացած է Դամասկոսի եւ Թեհրանի հրահանգներուն ենթարկուող խմբաւորումներուն վարուելակերպէն:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Թուրքիա զգուշացումներ յղած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի:

Թուրք դիւանագէտը ըսաւ, որ լիբանանեան բանակին հրամանատարութիւնը պատասխանատու է ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող որեւէ երկրի ուժերուն դէմ գործուելիք արարքներուն: Ան շեշտեց, որ Թուրքիա պետութիւն մըն է, որուն հետ կարելի չէ խաղալ կամ անոր սպառնալ` Հըզպալլայի նման ահաբեկչական աւազակախումբերու կողմէ, որոնց անունները նշուած են ամբողջ աշխարհի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անուանացանկերուն վրայ:

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ Ընդունեց Ապատին

Յաջորդը

Հանրապետութեան Միւֆթին Այցելեց Օմար Քարամէի

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։