Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր երէկ Աքքարի մէջ ներկայ գտնուեցաւ շրջանէն երիտասարդներու կողմէ կազմակերպուած քաղաքական ձեռնարկի մը, որուն ընթացքին ան իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց իսլամ-քրիստոնեայ համերաշխութիւնը, որ 1400 տարիէ ի վեր առկայ է` մեկնելով այն իրականութենէն, որ սիւննի համայնքը իր կրօնին կառչած կը մնայ:
Շէյխ Ասիր պահանջեց, որ Լիբանանի մէջ այլ համայնքներու հետ սիւննի համայնքին հաւասարութիւնը վերահաստատուի:
Ան հաստատեց, որ Աքքարը ահաբեկչութեամբ ամբաստանելը անհիմն է` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն Լիբանանի մէջ հաւասարակշռութիւնները վերահաստատելու նպատակով:
«Մենք արժանապատուութեան համար մղուած պայքարը պիտի շարունակենք, իսկ շիի համայնքին հետ հարց չունինք: Ընդհակառակն` մեր հարցը անոնց հետ է, որոնք իրենք զիրենք Դիմադրութեան ծրագիրներ կը կոչեն», շեշտեց Ասիր` աւելցնելով, որ Սայտայի մէջ դեղին դրօշ մը իսկ պիտի չբարձրանայ:


