Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չորս Միաբաններ Կը Ստանան Ծայրագոյն Վարդապետութեան Աստիճան` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

December 18, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 16 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր տաճարին մէջ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան ստացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան միաբաններէն Փառէն վրդ. Վարդանեան, Վաղինակ վրդ. Մելոյեան, Մասիս վրդ. Զօպուեան եւ Սիփան վրդ. Քէչէճեան, ձեռամբ` Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, խարտաւիլակութեամբ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանի:

Երկու օրեր առաջ, յիշեալ միաբանները իրենց աւարտաճառերը պաշտպանած եւ ներկայացուցած էին Արամ Ա. կաթողիկոսին` ներկայութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերու:

Գաւազանի տուչութենէն անմիջապէս ետք Շահան սրբազան խօսք առնելով շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան հոգեմտաւոր կեանքին նոր որակ տալու կարեւորութիւնը, որ յաճախ կը շեշտուի վեհափառ հայրապետին կողմէ: «Այդ նախանձախնդրութեան գործնական արտայայտութիւնն են ահաւասիկ չորս ծայրագոյն վարդապետներուն ներկայացուցած թէզերը, երեւոյթ մը, որ եզակի է մեր սուրբ Աթոռի կեանքին մէջ, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով վարդապետներու կարգին նաեւ ծայրագոյն վարդապետները թէզ կը պատրաստեն` ստանալու համար յիշեալ աստիճանը», ըսաւ սրբազանը:

Այս առիթով Շահան սրբազան նաեւ անդրադարձաւ Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, շեշտեց սուրիահայութեան ամուր կապուածութիւնը սուրիական հայրենիքին, իր պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին ցուցաբերած հոգածութեան համար, ինչպէս նաեւ այն բոլոր գաղութներուն ու հայորդիներուն, որոնք զանազան ձեւերով կը փորձեն օգտակար ըլլալ Սուրիոյ հայութեան:

Պատարագէն ետք վեհափառ հայրապետը չորս ծայրագոյն վարդապետները, Շահան սրբազանի գլխաւորութեամբ ընդունեց իր գրասենեակը, եւ իր օրհնութիւնը տուաւ անոնց:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Պարնապաս» Հիմնադրամի Տնօրէնը

Յաջորդը

«Վանայ Ձայն»-ը Կ՛օժտուի Ուղղակի Սփռումի Սարքով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.