Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կորուստը (Դոկտոր Յարութիւն Սամուէլեանի Յիշատակին)

Նոյեմբեր 21, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
«ՀԱՈՒԸՐՏ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ

Լիբանանահայութեան հասցուցած երկրորդ սերունդի արժէքներէն էր դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան, որուն կանխահաս մահը ծանր կորուստ մըն էր Լիբանանի եւ հայ համայնքին համար հաւասարապէս:

Ան լիբանանեան տնտեսական մարզի բարձրագոյն ոլորտին մէջ, իբրեւ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ, ներկայացուց հայ համայնքը`  քսան տարիներ ծառայելով 1993-2003 եւ 2009-2019 ժամանակահատուածին մէջ: Անոր պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը, գործելաոճի բարձրորակ տարողութիւնն ու ձեռնհասութիւնը պատճառ հանդիսացան, որ ան դառնայ լիբանանեան Կեդրոնական դրամատան ամէնէն երկարակեաց հայ փոխկառավարիչը: Լիբանանի հանդէպ անոր ունեցած բազմամեայ ծառայութիւններուն իբրեւ գնահատանք` Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշել Աուն պարգեւատրեց դոկտ. Սամուէլեանը` յետմահու Լիբանանեան արժանեաց շքանշանով:

Դոկտ. Սամուէլեան դրամատնային ու տնտեսագիտական մարզերուն մէջ ձեռք ձգած իր յաջողութիւններուն կողքին, միշտ զօրավիգ հանդիսացաւ նաեւ հայ համայնքի ձեռքբերումներուն, բերելով իր նպաստը Ազգային բուժարանի խնամակալութեան իբրեւ ատենապետ, Ազգային առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան, Երեսփոխանական ժողովի եւ տնտեսական խորհուրդի անդամ:

1999 թուականէն ի վեր, մօտ քսան տարիներ, ան ծառայեց իբրեւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան Լիբանանի վարչական մարմինի անդամ: Հակառակ փոխկառավարիչի իր բազմազբաղ առօրեային, ան իր մասնագիտական հմտութիւնը ի սպաս դրաւ հաստատութեան պիւտճէական եւ տնտեսագիտական խնդիրներու բարւոք լուծման եւ արդիականացման կարեւոր գործին: «Հ. Գարակէօզեան» հաստատութեան Նիւ Եորքի Կեդրոնական վարչութիւնը` բարձր գնահատելով դոկտ. Սամուէլեանի դերակատարութիւնը Լիբանանի վարչական ժողովի ծիրին մէջ, հաստատութեան տնօրէն պրն. Սերոբ Օհանեանի հետ հրաւիրեց Նիւ Եորք, 12 ապրիլ 2016-ին` իր տարեկան ժողովին յատուկ խորհրդակցութեան համար: Այդ օրերուն «Գարակէօզեան» հիմնարկը կը դիմագրաւէր ճակատագրական օրեր` դէպի Լիբանան սուրիահայ գաղթականներու մեծ հոսքին պատճառով: Հաստատութեան ծառայութիւնը բազմապատկուած էր եւ կը կարօտէր յաւելեալ ներդրումներու: Միջազգային կազմակերպութիւններու օժանդակութիւնը ներգրաւելու հրամայականը անհրաժեշտութիւն դարձած էր, եւ անոնց հետ գործակցութեան պարտաւորութեան տակ կը գտնուէր հաստատութիւնը: Այս անկիւնադարձային ժողովին դոկտ. Սամուէլեան շեշտեց կարեւորութիւնը «Գարակէօզեան» հաստատութեան ծառայութիւններուն Լիբանանի հայ կեանքին մէջ եւ անոր զօրավիգ կանգնելու վճռակամութիւնը հաստատութեան Նիւ Եորքի Կեդրոնական վարչութեան մարմինին կողմէ: Ան յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, որուն շնորհիւ այսօր համաշխարհային բարեսիրական կազմակերպութեանց մասնաւոր ուշադրութեան եւ հոգածութեան առարկայ է «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը:

Դոկտ. Սամուէլեանի ներդրումը մեծ եղաւ նաեւ «Գարակէօզեան»-ը դարձնելու ո՛չ միայն հայութեան առողջապահական կարիքները հոգացող հաստատութիւն, այլ նաեւ լիբանանցի ոչ հայ կարիքաւորներուն ծառայող կեդրոն: Իր այս գաղափարը կը քաջալերէին նաեւ վարչական խորհուրդի իր գործակիցները: Այս համապարփակ գործելաոճը իր լրումին հասաւ Պէյրութի 4 օգոստոսի աղէտին պատճառով վնասներ կրած լիբանանցի նաեւ ոչ հայ վիրաւորներու տրուած բուժման կարելիութիւններով, որոնց ընդհանուր թիւը օգոստոս ամսուան մէջ հասաւ տասը հազարի:

Դոկտ. Սամուէլեան իր ասպարէզի երկար տարիներու փորձառութիւնը ի սպաս դրաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան ենթակառոյցներու ղեկավարման մէջ ներմուծելու ժամանակակից երեւոյթներ, որոնց կիրարկումով ձեռք ձգուեցան ակնբախ իրագործումներ: Ան մօտէն հետեւելով երիտասարդ աշխուժ տնօրէն Սերոբ Օհանեանի գործունէութեան, դարձաւ անոր անկեղծ եւ բանիմաց խորհրդատուն: Այդ գործակցութենէն օգտուեցան հաստատութեան բոլոր բաժանմունքները, որոնք ուշագրաւ բարգաւաճում արձանագրեցին անցնող հնգամեակին:

Դոկտ. Սամուէլեանի կենսագրութիւնը հարուստ է բացի լիբանանեան Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչի հանգամանքէն, բազմաթիւ այլ համաշխարհային, արաբական եւ լիբանանեան տնտեսական, դրամատնային եւ ֆինանսական յանձնախումբերու անդամակցութեան պարգեւած առանձնաշնորհումներով:

Դոկտ. Սամուէլեանի նպաստը մեծ եղաւ նաեւ Հայաստանի անկախացումէն ետք անոր Կեդրոնական դրամատան հիմնադրութեան եւ դրամատնային մարզի կարգաւորման աշխատանքներուն մէջ:

2016 թուականին, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն, դոկտ. Սամուէլեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի պատուիրակութեան անդամներուն հետ: Այդ առիթով «Գարակէօզեան»-ի Նիւ Եորքի եւ Լիբանանի կազմերուն հետ տեսակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:

Դոկտ. Սամուէլեանի կեանքը կը յատկանշուի ակադեմական բարձր մակարդակով: Ֆրանսայի Կրենոպլ համալսարանի վարչական տնօրինման ճիւղի դոկտորական տիտղոսը ան ստացած է պատուոյ յիշատակութեամբ: Միեւնոյն մասնագիտութեամբ մագիստրոսականներ ստացած է Քանատայի Քեպեքի համալսարանէն ու Քանատական-լիբանանեան համալսարանէն, ինչպէս նաեւ յատուկ վկայականի արժանացած է Լիբանանի Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն` դրամատնային գիտութեանց մէջ:

Դոկտ. Սամուէլեան իր մասնագիտութեան գծով հրաւիրուած է իբրեւ հիւր դասախօս Կրենոպլի, Հարվըրտի, Շիքակոյի եւ Հայաստանի համալսարաններէն: Ան դասախօսած է նաեւ Լիբանանի մէջ գործող համալսարաններուն մէջ, ինչպէս` Ամերիկեան համալսարանը, Սեն Ժոզեֆը, Հայկազեանը եւ Լիբանանի պետական համալսարանը: Մասնակցած է միջազգային համագումարներու` ներկայացնելով իր ուսումնասիրութիւնները ֆինանսական-տնտեսական մարզերու վերաբերեալ:

Դոկտ. Սամուէլեանի մահով լիբանանահայ գաղութը կը կորսնցնէ իր արժանաւոր զաւակներէն մին, որ նուիրումով ծառայեց այն կառոյցներուն, ուր իր օժանդակութեան կարիքը կար` առանց հատուածական խտրութեան: Ան միշտ կը զատորոշուէր  իր համահայկական մտածողութեամբ եւ ազգային գերագոյն շահերու հետապնդումով: ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս բարձր գնահատելով դոկտ. Սամուէլեանի նպաստը լիբանանահայութեան, զայն յետմահու պարգեւատրեց «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով, որուն կ՛ընկերանար նաեւ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունի «Արժանեաց շքանշան»-ի տուչութիւնը:

Յաւե՛րժ յարգանք իր անմեռ յիշատակին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Յուշագիր` ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Եւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Կողմէ

Յաջորդը

Լիբանանի Անկախութեան 77-Ամեակին Առիթով` Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Ուղղէ Իր Պատգամը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?